MAP

2025.06.01 Santa Messa per il Giubileo delle Famiglie, dei Bambini, dei Nonni e degli Anziani

Եկեղեցական Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու Յոբելեանը` 7 եւ 8 Յունիսին

Երեկոյեան ժամը ութէն ինը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Քահանայապետը կը գլխաւորէ Պենտեկոստէի տօնին հանդիսաւոր հսկումը որ կը ներկայացնէ Յոբելենական ուխտագնացութեան սիրտը եւ որ նշանն է միութեան ու Սուրբ Հոգիի Եկեղեցւոյ մէջ ներգործած շնորհքներու բազմազանութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 7 եւ Կիրակի` 8 Յունիսին Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եկեղեցական Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու Յոբելեանը, որ ըստ այս առիթով Նոր Աւետարանութեան Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան, պիտի հանդիսանայ 2025-ի Սուրբ Տարուան ամենաիմաստալից ձեռնարկներէն մին, որուն առիթով նախատեսուած է հարիւր երկիրներէ 70.000 ուխտաւորներու մասնակցութիւնը։

Յոբելեանի գլխաւոր դերակատարները պիտի ըլլան եկեղեցական շարժումները, նոր համայնքները, հաւատացեալներու միութիւնները, խարիզմաթիք և միսիոներական իրականութիւններ, որոնք միշտ կազմած են աշխարհի մէջ աւետարանութեան կենդանի և աշխուժ արտայայտութիւնը։

Այս պիտի ըլլայ վերոնշեալ իրականութիւններու առաջին հանդիպումը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, որոնց շարքին են` Նէոքաթեքումենալ շարժումը, Ացիոնէ Քաթթոլիքա բանուորական շարժումը, Հաղորդութիւն եւ ազատագրում, Կաթողիկէ Շալոմ հասարակութիւնը, Աւետարանութեան ժողովրդապետական բջիջները, ապա Միջազգային Շարիս հաստատութիւնը, Սանդ՛էճիտիօ հասարակութիւնը, Ֆոքոլարիներու եղբայրութիւնը, եւ այլք.։

Յայտարգիր

Շաբաթ` եօթը Յունիսին, Յոբելեանը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը ութէն Հռոմի Քահանայապետական պազիլիքաներու Սուրբ Դռներուն կատարուած ուխտագնացութեամբ, իսկ կէսօրէն ետքը ժամը չորսին բոլոր մասնակցողները պիտի համախմբուին Սուրբ Պետրոս հրապարակ` մասնակցելու համար Պենտեկոստէի տօնի պատրաստութեան աղօթքի հսկումին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին։

Ձեռնարկը կը նախատեսէ նախ տօնախմբութեան պահ մը, մասնակցութեամբ տարբեր նուագախումբերու, իսկ ժամը վեցին սկիզբ կ՛առնէ նախահսկումը, որուն առիթով ելոյթ կ՛ունենայ 130 հոգիներէ բաղկացած երգչախումբ մը, ապա իրենց կեանքի վկայութիւնները կը ներկայացնեն տարբեր անձինք` ինչպէս Հուսամ Ապու Սինին` Արաբ Քրիստոնեայ ծագումով իսրայէլացի մը, որ յանձնառու է ի սպաս խաղաղութեան, Նիքոլա Պուրրիքին` ժամանակին թմրամոլութեան զոհ եղած հայր ու ամուսին մը, Ալին Մինանին` Քոնկոյի ժողովրդավարական Հանրապետութեան Կոմա քաղաքի արուարձանեայ շրջանին մէջ գտնուող` փախստական ​​և խոցելի երեխաներուն նուիրուած “Floribert Bwana Chui” խաղաղութեան դպրոցին տնօրէնուհին` հուսկ Փետրօ եւ Մարիա Պեկոնա Սանչէս` Ուքրանիոյ մէջ ամուսնացեալ միսիոնարներ` 12 զաւակներու ծնողներ։

Երեկոյեան ժամը ութէն ինը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Քահանայապետը կը գլխաւորէ Պենտեկոստէի տօնին հանդիսաւոր հսկումը, որ կը ներկայացնէ Յոբելենական ուխտագնացութեան սիրտը եւ որ նշանն է միութեան ու Սուրբ Հոգիի Եկեղեցւոյ մէջ ներգործած շնորհքներու բազմազանութեան։

Հսկումի արարողութիւնը կը նախատեսէ Խօսքի ծիսակատարութիւնը՝ մկրտութեան խոստումներու նորոգումի հետ միասին եւ Սրբազան Պապին քարոզը։

Կիրակի` 8 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, միշտ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Պենտեկոստէի Սուրբ պատարագը, որ պիտի հանդիսանայ նաեւ Եկեղեցական Շարժումներու Յոբելենական ուխտագնացութեան եզրափակումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2025, 14:31