Կառավարիչներու ու վարչութիւններու յոբելեանը` 21 եւ 22 Յունիսին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յոյսին նուիրուած` 2025 տարուայ Յոբելեանը կը շարունակէ դէպի Հռոմ առաջնորդել բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ ինչպէս եղաւ անցնող շաբթուայ պարագան երբ Մարզական աշխարհը ժամանեց Հռոմ ու մասնակցեցաւ Յոբելեանին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն ու ինչպէս պիտի պատահի նաեւ այս շաբաթավերջին երբ կառավարիչներ ու վարչական պատասխանատուներ Հռոմ պիտի ժամանեն կատարելու համար իրենց յոբելենական ուխտագնացութիւնը։
Յայտագիրը կը սկսի Շաբաթ` 21 Յունիսի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի Սուրբ Դուռին ուխտագնացութեամբ որ պիտի տեւէ մինչեւ կէսօրէն ետքը ժամը հինգին երբ Հռոմի Քաղաքապետարանի Քամփիտոլիօ պալատի «Ճուլիօ Չեզարէ» անուամբ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հանրային պարտքին» նուիրուած հանդիպում մը, ի ներկայութեան խորհրդարանականներու, նահանգապետերու, վարչական գործիչներու, քաղաքական և կրօնական իշխանութիւններու։
Հաւաքը կը գլխաւորէ Ծերակուտական Փիեր Ֆերտինանտօ Քազինին,` Միջ-Խորհրդարանական Միութեան պատուոյ նախագահը։ Բարի գալուստի խօսքով հանդէս պիտի գայ Հռոմի քաղաքապետ Տիար Ռոպերթօ Կուալթիերի ապա ելոյթ կ՛ունենան Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւ ծերակուտական Մարիօ Մոնթի։
Իսկ երեկոյեան ժամը 8.30-ին Պիոս ԺԲ հրապարակին վրայ նախատեսուած է յատուկ համերգ մը «Յոյսի ներդաշնակութիւններ» վերտառութեամբ, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէն մեծանուն արուեստագէտներ։
Կիրակի` 22 Յունիսին ուխտաւորները պիտի մասնակցին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին գլխաւորած կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ եւ կէսօրէն ետքը ժամը հինգին առիթը պիտի ունենան մասնակցելու նաեւ Լեւոն ԺԴ. Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքային մէջ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առիթով մատուցած Սուրբ Պատարագին։
Յայտնենք` որ Կառավարիչներու ու վարչութիւններու յոբելեանին կը յաջորդէ նորընծաներուն, Քահանաներուն եւ Եպիսկոպոսներուն Յոբելեանը սկսեալ երկուշաբթի 23 Յունիսէն մինչեւ ուրբաթ` 27 Յունիս որուն ընթացքին նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ ու արարողութիւններ, ներառեալ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ հանդիպում։ Երեքշաբթի 24 Յունիսի առաւօտեան ժամը 11-ին Սրբազան Պապը Նորընծաներուն հետ կը հանդիպի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ անոնց ներկայացնելով խորհրդածութիւն մը, ապա չորեքշաբթի` 25 Յունիսին Նորին Սրբութիւնը միշտ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ հանդիպում կլ՜ունենայ Եպիսկոպոսներուն հետ ապա 27 Յունիսին Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին առիթով Ան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը մասնակցութեամբ ուխտաւոր Քահանաներուն, որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ