MAP

90th anniversary of diplomatic relations between Cuba and the Vatican

Յոյսին դիւանագիտութիւնը՝ այլընտրանք է եսասիրութեան. Գերապայծառ Կալլակէր

Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր Քուպայի մէջ ելոյթ ունենալով հաստատեց որ Վենետիկեան դիւանագիտութիւնը արտայայտութիւնն է նոյնինքն Եկեղեցւոյ Կաթողիկէութեան եւ ներշնչուած է «Հովուական ծառայութեան հրատապութենէ», որ զայն կը մղէ «ուժեղացնելու իր աւետարանական առաքելութիւնը մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի եւ Քուպայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ինիսուն ամեակին ու Ֆրանչիսկոս Պապին Քուպա կատարած առաքելական ճամբորդութեան տասնամեակի առիթներով Քուպա գտնուող` Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը, Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, իր մասնակցութիւնը բերելով եւ ելոյթ ունենալով վերոնշեալ յոբելեանին առիթով կազմակերպուած դասախօսութեան մը,  ուզեց ընդգծել Սուրբ Աթոռի ու Վատիկանի դիւանագիտութեան դերը` որպէս նոյնինքն «Եկեղեցւոյ Կաթողիկէութեան արտայայտութիւն» որ ներշնչուած է «Հովուական ծառայութեան հրատապութենէ», որ զայն կը մղէ «ուժեղացնելու իր աւետարանական առաքելութիւնը մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս»։

Իր ելոյթին մէջ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը շեշտը դրաւ մի քանի կարեւոր կէտերու վրայ մեկնելով հրաւէրէ մը` «ունենալու յոյս եւ հաւատք», այս ուղղութեամբ վերյիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին խօսքեր`ը լայն բանալու սրտերը Քրիստոսին առջեւ, որպէս անձնական եւ ընկերային նորոգումի աղբիւր։

Մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութիւնը եղաւ Գերապայծառ Կալլակէրին մատնանշած նիւթերէն այլ մէկը, որուն ուղղութեամբ Ան վերահաստատեց` որ Սուրբ Աթոռին որեւէ արարք ուղղուած է պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները, խթանելով եսասիրութեան, չարաշահումի ու բռնութեան դէմ զօրակցութեան գործունէութիւն մը։

Խաղութեան եւ արդարութեան մասին խօսելով Գերապայծառ Կալլակէրը ընդգծեց «զինաթափուած խաղաղութեան» մը գաղափարի հրատապութիւնը, որ հիմնուած ըլլայ հաշտութեան, երկխօսութեան, արդարութեան, զինաթափումի վրայ ու արմատաւորուած կեանքի եւ ընտանիքի յարգանքի մէջ։

Գերապայծառ Կալլակէրին շօշափած նիւթերու շարքին էր նաեւ կրօնական ազատութիւնը, որ նկատուած է ընկերային համակեցութեան ու միասնութեան յենասիւն ու տեսնուած է` որպէս ճանապարհ դէպի հասարակաց բարիք, յաղթահարելու համար բաժանումները ու խթանելու աւելի ներդաշնակ հասարակութիւն։

Գերապայծառ Կալլակէր հուսկ Վատիկանեան դիւանագիտութիւնը որակեց «յոյսի դիւանագիտութիւն», «ոչ թէ յոռետես այլ նախաձեռնող», որ ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրները կը դիմակայէ կառուցողական հոգիով և ժողովուրդներու միջև համագործակցութեան հաւատքով։ Ան յիշեց հուսկ Քուպացի Քահանայ Ֆելիքս Վարելան, (1788-1853), որուն համար կայ «միակ դժբախտութիւն` այն է բաժնուիլ Աստուծմէ» անգամ մը եւս հաստատելով, որ Եկեղեցին կը գործէ դիւանագիտութեամբ մը, որ կը նայի ապագային ու մեզ կը հրաւիրէ գիտակից ըլլալու` որ «մարտահրաւէրները կարելի է դիմագրաւել միայն եթէ իւրաքանչիւրը իր մասնաբաժինը կատարէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2025, 08:26