MAP

2025.06.04 PONT UNIV SAN TOMMASO D'AQUINO, CONF SU NICEA E LA CHIESA DEL TERZO MILLENNIO

Նիկիոյ Ժողովը և երրորդ հազարամեակի Եկեղեցին. դէպի կաթողիկէներու և ուղղափառներու միութիւն

Գիտաժողովին նպատակն էր նորոգել Եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական յանձնառումը, ամրապնդել աստուածաբանական երկխօսութիւնը ու խթանել միութեան գործնական արարքները, ինչպէս բաժնեցկութեիւնը սիւնհոդոսականութիւնը եւ Սուրբ Զատիկը միակ թուականով, միասին տօնելը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4էն 7 Յունիս 2025-ին Հռոմի Անճելիքում Քահանայապետական համալսարանը կը հիւրընկալէ յատուկ միջազգային գիտաժողով մը` նուիրուած Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700 ամեակին (325)` որ կը համարուի Եկեղեցւոյ դաւանաբանական միասնութեան հիմնարար կէտ մը։

Միջազգային գիտաժողովը կազմակերպուած էր Համագործակցութեամբ շարք մը ակադեմիական և կրօնական հաստատութիւններու՝ միացնելով տարբեր քրիստոնէական աւանդութիւններէն (կաթողիկէ, ուղղափառ, անկլիքան, բողոքական) աւելի քան 250 մասնակիցներ, որպէս բնաբան ունենալով. «Նիկիոյ Ժողովը և երրորդ հազարամեակի Եկեղեցին. դէպի կաթողիկէներու և ուղղափառներու միութիւն»։

Գիտաժողովի ընթացքին արծարծուեցան տարբեր նիւթեր` որոնց շարքին, Քրիստոնեաներու միութիւնը` մեկնելով Նիկիոյ Ժողովէն ու անոր Հաւատքի դաւանանքէն, որ կարող է հանդիսանալ հիմք ու մեկնակէտը` խթանելու համար քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն միջեւ միութիւնը։

Սիւնոհոդոսականութիւն ու Առաջնութիւն. Այս նիւթերը ընդգծուեցան որպէս եկեղեցական հաղորդակցութիւնը խթանելու կարևորագոյն գործիքներ՝ սկիզբ առած համամիութենական երկխօսութեան ուղիին վրայ, ինչպէս օրինակ Ռավեննայի փաստաթուղթով (2007)։

Նիւթերու շարքին էր նաեւ Սուրբ Զատկուան համար միասնական թուականի որդեգրումը, որուն առնչութեամբ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Քիւրդ Քոխը վերահաստատեց հրատապութիւնը գտնելու բաժնեկցուած թուական մը, որպէս շօշափելի նշան միութեան ու կանխելու նոր բաժանումներ։ Ան խօսեցաւ նաեւ «արիոսական» հակումներու վտանգի մասին ու Աստուծոյ Որդոյն Քրիստոսի մէջ հաւատքի հաստատման անհրաժեշտութեան մասին։

Գիտաժողովին նպատակն էր նորոգել Եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական յանձնառումը, ամրապնդել աստուածաբանական երկխօսութիւնը ու խթանել միութեան գործնական արարքները, ինչպէս բաժնեցկութեիւնը սիւնհոդոսականութիւնը եւ Սուրբ Զատիկը միակ թուականով, միասին տօնելը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2025, 08:00