MAP

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. Տխրութիւն եւ ցաւ Ուքրանիոյ համար, կողմերու միջեւ վստահութեան պակասը կայ։

Հռոմի մէջ միջոցառումի մը ծիրէն ներս, Վատիկանի Պետքարտուղարը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի խաղաղութեան յանձնառութիւնը. «Մենք տարածք առաջարկեցինք, բայց արձագանգներէն մեկնելով, չեմ կարծեր որ այս հնարաւորութիւնը կ՝օգտագործուի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հնագիտութեան Քահանայապետական յանձնաժողովի կողմէ կազմակերպուած, Հռոմի մէջ կայացած միջոցառումի մը ընթացքին, Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, լրագրողներու հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին տխրութիւն եւ ցաւ յայտնեց Ուքրանիոյ իրավիճակին համար։ «Ես կը կարծեմ, որ հիմնական հարցը երկու կողմերու միջեւ վստահութիւն ստեղծելն է, որ հիմնարար կերպով կը պակսի։ Մենք՝ մէկը միւսին չենք վստահիր, հետեւաբար պատրաստ չենք զիջումներ կատարելու։ Կարեւորը այն է, որ ստեղծուի մթնոլորտ մը, որ թոյլ կու տայ մեզի իրարու հետ խօսելու ուղղակիօրէն, կառուցողական ձեւով», ըսաւ ծիրանաւորը հրաւիրելով կառուցելու յարաբերութիւններ՝ փոքր քայլերով, այսինքն «փոխադարձ հանդիպումներ կատարելով»։ «Ես կը կարծեմ, որ բոլոր բանակցութիւններուն մէջ կայ կատարելիք փոխզիջումի ուղեւորութիւն մը ու այդ ստանձնած պարտաւորութիւններուն յարգանք է, որ կը նպաստէ վստահութեան կառուցման»։

Խաղաղութեան յոյսը

Կարդինալ Փարոլին նկատել տուաւ, որ Եկեղեցին իր կողմէ «կրնայ աղօթել խաղաղութեան համար», որովհետեւ «ականատես ենք , որ մարդկային ջանքերը բաւարար են»։ Որպէս Սուրբ Աթոռ «մենք առաջարկեցին տարածքի մը հնարաւորութիւնը, այն առաջարկը զոր Պապը կատարեց իր քահանայապետութեան սկիզբը։ Սակայն արձագանգներէն չեմ կարծեր, որ յոյս կայ որ այդ հնարաւորութիւնը օգտագործուի»։

Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցող ողբերգական իրավիճակի վերաբերեալ, Կարդինալ Փարոլին յիշեց Տոհայի մէջ ընթացքի մէջ գտնուող բանակցութիւնները մաղթանք յայտնելով, որ այդ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ ըլլան ։

«Խնդիրի միշտ միւենոյնն է. զինադադարրը, բոլոր գերիներուն փոխանակումը, թէյ՛ ապրողներուն եւ թէ՛ մահացածներուն վերադարձը, մարդասիրական օգնութեան եւ բժշկական օգնութեան անվտանգ հասանելիութիւնը։

Սուրիոյ  մէջ զանգուածային գերեզմանի մը մէջ կրօնական անձի դիակի յայտնաբերման մասին հարցումին, որ որոշ անձեր նշեցին, թէ անիկա Հայր Փաուլօ Տալլ Օլիոյի դիակն է, Վատիկանի Պետքարտուղարը մէջբերեց Դամասկոսի մէջ Պապական նուիրակ, կարդինալ Մարիօ Զէնարիի խօսքերը, որուն համաձայն՝« այս յայտնաբերման հաստատումը չկայ»։ «Կարծեմ, որ շատ դժուար է» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին յոյս յայտնելով, որ գտնուի Հայր Տալլ Օլիոյի աճիւններուն վայրը»։ Շատ տարիներ ետք, «դժուար է մտածել որ Ան կենդանի է»։

Պապին հանդիպումը Պետական քարտուղարութեան հետ

Պետական քարտուղարութեան հետ, Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպումի մասին հարցումին, Վատիկանի Պետական կարդինալը նշեց, որ այդ Քահանայապետի հետ առաջին պաշտօնական հանդիպումն է, սակայն «համագործակցութիւնը արդեն սկսած է Քահանայապետութեան առաջին պահերէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2025, 12:52