MAP

Կարդինալ Օ՛մալլէյ Կարդինալ Օ՛մալլէյ 

Կարդինալ Օ'Մալլէյ. Եկեղեցին ոտնձգութիւններու զոհերուն և անոնց ընտանիքներուն կողքին է

Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ Կարդինալ Շոն Օ'Մալլէյ` անդրադարձ կատարած է անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի աշխատանքի, եկեղեցւոյ մէջ բռնութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման և եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւններու մասին, մասնաւորապէս՝ զոհերն ու անոնց ընտանիքները առաջին տեղը դնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւնները երեխաներու նկատմամբ բռնութեան կանխարգելման գործին մէջ «նոյնն են, ինչ որ միշտ ալ եղած են», - կ՛ըսէ Կարդինալ Շոն Օ'Մալլէյ. «Մենք կը փորձենք զոհերն ու անոնց ընտանիքները դնել առաջին տեղ»։

Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Պոսթոնի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը և անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովի հիմնադիրներէն մին ու պատասխանատուն, ընդգծած է նաեւ թափանցիկութեան, հաշուետուութեան և կրթութեան անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս Եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւններ, անչափահասներու նկատմամբ բռնութեան և խոցելի անձանց նկատմամբ բռնութեան խնդիրները լուծելու ջանքին մէջ։

Ան նշած է` որ կարևոր է, որ մարդիկ հասկնան, որ «Եկեղեցին, իր առաքելութեամբ, պէտք է ըլլայ Աստուծոյ սիրոյ և ողորմածութեան արտայայտութիւն, հետևաբար, անչափահասներու և երիտասարդներու խնամքն ու պաշտպանութիւնը պէտք է կենտրոնական ըլլան մեր առաքելութեան մէջ»։

Մարդիկ կը լսեն Եկեղեցւոյ պատգամը միայն այն դէպքի պարագային, «եթէ համոզուած ըլլան, որ մենք հոգ կը տանինք իրենց։ Որ մենք հոգ կը տանինք անոնց երեխաներուն եւ այդ երախաներու անվտանգութեան»։

Հարցազրոյցին մէջ Ծիրանաւորը խօսած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած անչափահասներու անվտանգութեան ու պաշտպանութեան նուիրուած յանձնաժողովի առաքելութեան մասին` եւ այս վերջին տարիներուն անոր մշակած «ուղեցոյց»ին, պաշտպանութեան ի նպաստ կրթական համակարգին ապա աշխարհի հարաւային շրջանի ի նպաստ ստեղծած հիմնադրամի մսին ու նաեւ այն կարեւորագոյն քայլերէն մէկու մասին որ է տարեկան զեկոյցին հրապարակումը, որ կը գնահատէ պաշտպանութեան քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը։

Արդարեւ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ պիտի հրապարակուի 2024-ին զեկոյցը, որուն մէջ քննարկուած պիտի ըլլան 22 Երկիրներու ու երկու կրօնական միաբանութիւններու հետ երկխօսութիւնն ու տուեալները, ինչպէս նաեւ փոխհատուցման եւ արդարութեան հարցեր։

Կարդինալ Շոն Օ՛ Մալլէյը անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ վաւերացուած «Praedicate evangelium» սահմանադրութեան, որով վերոնշեալ յանձնաժողովը ներառուեցաւ Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան ներքոյ, խթանելով յաւելեալ համագործակցութիւն։

Ան ապա նշեց` որ յանձնաժողովի անդամները կը մասնակիցն Առ Սեամն Պետրոսի կատարուած Եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւններուն, այնտեղ եւս խթանելու համար անչափահասներու պաշտպանութիւնը։

Այս ծիրէն ներս Կարդինալ Օ՛ Մալլէյը ներկայացուց այժմէական առաջնահերթութիւնները` որոնք են թափանցիկութիւն եւ պատասխանատուութիւն, քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ համագործակցութիւն, կրթութիւն եւ կազմաւորում, աշխարհականներու ներգրաւումը, հուսկ նուազ միջոցներ ունեցող Եկեղեցիներուն թիկունքն ու աջակցութիւնը։

Ծիրանաւորը խօսեցաւ ապա անչափահասներու պաշտպանութեան եւ չարաշահումներու կանխարգիլման գործին մէջ լրատուամիջոցներու եւ Քահանայապետերու դերակատարութեան մասին, դիտել տալով` թէ ինչպէս Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիսկոս Պապը նպաստեցին Եկեղեցւոյ մէջ այս հարցին շուրջ իրազեկութիւնը բարձրացնելու այս ծիրէն ներս հաւաստիացնելով որ յանձնաժողովը իր գործը պիտի շարունակէ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։

Ան ապա գնահատեց լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու աշխատանքը` որոնք «կարեւոր դեր մը» ունեցան «ճշմարտութիւնը ի յայտ դնելուն» մէջ, մինչ կղերական դասին կողմէ գործադրուած չարաշահումները նկատեց հաւատքի դաւաճանութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2025, 07:55