Երկու երիտասարդ ֆրանսացիներուն հեծանիւով ուխտագնացութիւնը Հռոմ՝ Մարզանքի Յոբելեանին մասնակցելու համար
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Անցեալ 16 Մայիսին, 19-ամեայ Էտկարը ու 18-ամեայ Փոլը որոշում առած էին հեծանիւով մեկնել Հռոմ՝ մասնակցելու Յունիս 14ի եւ 15ի Մարզանքի Յոբելեանին։
Ֆրանսայի արեւմուտքի մէջ գտնուող Վիթրէի ամրոցի հրապարակէն սկսեալ՝ կտրելով Ֆրանսան արեւմուտքէն արեւելք՝ անցնելով Լիոնը, Քաննը, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ հիւսիսը՝ Փոլի պատմելով, «փոքր ճանապարհներու, անտառներու եւ արահետներու երկայնքով», երկու երիտասարդ ընկերները Յաւերժական քաղաք ժամանած են շուրջ մէկ ամիս անց՝ 13 Յունիսին։
Օրական 80էն 100 քիլոմեթր հեծանուավազք, որուն ընթացքին այդ մարզական մարտահրաւէրը հարստացած է հոգեւոր տարրերով՝ դառնալով իրապէս արտասովոր ուխտագնացութիւն մը։ Նախ՝ որովհետեւ այն քաղաքներու մէջ, ուր կանգ կ’առնէին, Էտկարը ու Փոլը կը մասնակցէին երեկոյեան պատարագներուն, եւ, բացի այդ, կ՛ այցելէին կարեւոր հոգեւոր կեդրոններ, ինչպէս օրինակ Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Պազիլիքան:
Գաղափար՝ ծնած ԵՀՕէն
Ուղեւորութեան գաղափարը երիտասարդ ուխտաւորները յղացած էին 2023 թուականին Լիզպոնի մէջ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ ժամանակ՝ իրենց ուղեկցող քահանայի մը առաջարկէն ոգեւորուած․ «լաւ գաղափար թուեցաւ այդ մէկամսեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Հռոմ Մարզանքի Յոբելեանի առիթով», պատմած է Փոլը։
Տպաւորիչ հանդիպումներ
Էտկարը, իր հերթին, պատմած է ճամբորդութեան ծիրէն ներս ունեցած շփումներու ու հանդիպումներու մասին, որոնք տպաւորած են զինք։ Գիշերելու համար երկու ընկերները կապի մէջ մտած են տարբեր ծխական համայնքներու հետ։ Յաճախ քնացած են նաեւ վրանի տակ, սակայն միշտ նշանակալի ծանօթութիւններ հաստատելով տեղւոյն բնակիչներու հետ։
Չեն պակսած նաեւ թեքնիկական դժուարութիւնները, շոգը ու արկածները, որոնք արգելքներ յարուցած են 1800 քիլոմեթր ճամբորդութեան ատեն, որու ընթացքին, սակայն, յոյսի նշանները ուղեկից դարձած են անոնց եւ ի վերջոյ իրավիճակները զարգացած են լաւագոյն ձեւով։
Խմբային աշխատանք
Կիզակէտը այդ ճամբորդութեան Հռոմի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքան եղած է, ուր նախ քան դէպի Սուրբ Դուռ ուխտագնացութիւնը եւ Սուրբ Պատարագը, որ կայացած է կիրակի՝ 15 Յունիսին, Էտկարը ու Փոլը 14 Յունիսին ներկայ գտնուած են Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին հետ ունկնդրութեան յոբելենական հանդիսաւոր արարողութեան։
Սրբազան Հայրը իր խօսքին ընթացքին կարեւորած է մարզանքը՝ ըսելով թէ՝ «մարզանքը ոգեշնչուած է յոյսով, այն իմաստով, որ մարզանքը կ՝ենթադրէ նպատակի մը ձգտումը, սեփական կարողութիւնները բարելաւելու մշտական որոնումը եւ ուրիշներուն հետ խմբային աշխատանքը սորվիլը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ