Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան շնորհաւորական նամակը նորընտիր Պապին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը նամակով մը երախտագիտութիւն յայտնելով Աստուծոյ Լեւոն ԺԴ․Պապին Եկեղեցւոյ առաջնորդ ընտրուելուն համար եւ տրամադրութիւն յայտնեց ըլլալու միշտ միսիոներական եկեղեցի մը որ ուշադիր ըլլայ ունկնդրութեան։
Սինոդին ընդհանուր քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէքի, ենթաքարտուղարներ Քոյր Նաթալի Պեքարի եւ Գերապ. Լուիսն Մարինի ստորագրութեամբ հրապարակուած նամակին մէջ կը կարդանք.
«Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը մեծ երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Տիրոջ՝ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Ձեր ընտրութեան համար։ Դուք, որ նաեւ կը նախագահէք այս քարտուղարութիւնը, մեր ուրախութիւնը կը յայտնենք այսուհետ միասին քալելու, զօրակցելով բոլոր եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութեան Ձեր ծառայութեան։
Սինոդը եկեղեցական ուղեւորութիւն է՝ առաջնորդուած Սուրբ հոգիով, Յարուցեալի պարգեւով, որ մեզ կ՝օգնէ աճելու որպէս միսիոնար եկեղեցի՝ անընդհատ դարձի գալով, սկսած Աւետարանի ունկնդրութենէն։ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ կանչուած այս ժողովը կը ներգրաւէ ողջ ժողովուրդը համատեղ գործընթացքի մէջ, ուր իւրաքանչիւր անձ ներդրում ունի՝ ձեռնարկուելիք քայլերու զատորոշումի գործին մէջ, ստացած խարիզմներու, շնորհքներու, կոչումներու եւ ծառայութիւններուն շնորհիւ։
2021 թուականին, Աստուծոյ ժողովուրդը ունկնդրելու փուլով սկսած սինոդական գործընթացքը եզրափակեց Հովիւներուն զատորոշումի փուլը՝ Եպիսկոպոսներուն սինոդի ԺԶ ընդհանուր ժողովով եւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ վերջնական փաստաթուղթի հաստատումով։ Այս փաստաթուղթի թելադրանքները արդեն կարող են ընդունուիլ տեղական Եկեղեցիներու եւ եկեղեցական խմբաւորումներուն կողմէ՝ նկատի առնելով տարբեր շրջանակներու մէջ արդեն կատարուած եւ կատարուելիք գործը՝ Միսիոներական սինոդալ եկեղեցւոյ բնորոշ ոճը աւելի լաւ ըմբռնելու եւ զարգացնելու համար։ (Ներածական նշում):
Միաժամանակ ուսումնական խումբերը աշխատանքի մէջ են ձեզի ներկայացնելու համար առաջարկներ՝ ի տես այն ընտրութիւններուն, որոնք կը ներգրաւեն ողջ Եկեղեցին։
Այժմ, որ ուղեւորութիւնը կը յարատեւէ Ձերդ Նորին Սրբութեան առաջնորդութեան տակ, վստահութեամբ կը նայինք այն բանին, որ կը փափաքիք ցոյց տալ, օգնելու համար Եկեղեցւոյ մը աճումի, որ ուշադիր է ունկնդրութեան, մօտիկ է իւրաքանչիւրին, ունակ է իսկական եւ հիւրընկալ յարաբերութիւններուն եւ Աստուծոյ ընտանիքի բաց տուն մըն է բոլորին համար. Միսիոներական սինոդական եկեղեցի մը», նշուած է Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան շնորհաւորական նամակին մէջ որուն աւարտին Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ «ծառայելու համագործակցութեան եւ հնազանդութեան հոգիով»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ