MAP

Եղբայրութիւններու Յոբելինական Սուրբ Տարի Եղբայրութիւններու Յոբելինական Սուրբ Տարի 

Հռոմի մէջ Եղբայրութիւններու նուիրուած յոբելինական Սուրբ Տարուան ուխտագնացութիւնը

Եղբայրութիւններուն նուիրուած յոբելինական Սուրբ տարուան ծիրէն ներս աշխարհի տարբեր վայրերէն աւելի քան 100 հազար ուխտաւորներ Հռոմ կը ժամանեն անցնելու համար սուրբ Պետրոսի տաճարի սուրբ դուռէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յոյսի նուիրուած յոբելենական սուրբ տարուան ծիրէն ներս, Ուրբաթ` 16 մայիսին, տեղի կ՝ունենայ եղբայրութիւններու նուիրուած յոբելենական ուխտագնացութիւնը։

Աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն եւ երկիրներէն ժամանած եղբայրութիւններու մաս կազմող աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներ , ուխտագնացութեամբ Հռոմ կը ժամանեն, Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դուռէն անցնելու Համար։

Ուրբաթ` 16 մայիսին, եղբայրութիւններու ուխտաւորները ուխտագնացութիւն կը կատարեն Հռոմի չորս քահանայապետական պազիլիքաներուն, ապա յետմիջօրէին ժամը 5ին, կ՝այցելեն Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս տաճար, ուր կը մասնակցին իրենց համար կազմակերպուած աղօթքի արարողութեան, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ Հռոմի թեմի երգչախումբը։

Աղօթքի արարողութենէն ետք տեղի կ՝ունենայ տարբեր եղբայրութիւններուն պատուիրակութիւններու միջեւ վկայութիւններու եւ ողջոյններու փոխանակում։

Շաբաթ, 17 մայիսին, նախատեսուած է հոգեւոր արժէք ներկայացնող պատմական մեծ միջոցառում։ Հռոմի կեդրոնական շրջաններէն ներս, տեղի պիտի ունենայ մեծ թափօր, շատ մեծարուած եւ յարգուած երկու կարեւոր արձաններով, որոնք առաջին անգամուան համար հռոմ կը բերուին։

Առաջինը՝ Անտալուզական «Սեմանա Սանթա» արձանը, ճանչցուած Սիվիլային «El Cristo del Cachorro» անունով անտալուզական «Պարոք» ճարտարապետական ոճով՝ 1682 թուականին գլուխգործոց կերպարը, գրեթէ 2 մեթր բարձրութեամբ։

Արձանը երթով կը տեղափոխուի 42 պատգարակիրներուն կողմէ։ Երկրորդ արձանը «Յոյսի Սուրբ Կոյս» արձանն է, իր տեսակին մէջ եզակի, նոյնպէս բարձր յարգանքի արժանացած։ Արձանը պիտի տեղափոխուի 270 մարդոց կողմէ։

Կարելի է վերոյիշեալ երկու արձանները վայելել 13էն – 17 մայիսին, այցելելով Սուրբ Պետրոս տաճարը։

Եղբայրութիւններու յոբելենական ուխտագնացութիւնը վերջ կը գտնէ Կիրակի` 18 մայիսին։ Այդ օրը առաւօտեան ժամը 10.30ին, եղբայրութիւններու անդամները իրենց աւանդական հագուստներով պիտի մասնակցին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կայանալիք, Լեւոն ԺԴ-ի Պետրոսեան ծառայութեան սկիզբի պատարագին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2025, 12:10