MAP

Յոբելենական տարուայ ուխտագնացութիւն Յոբելենական տարուայ ուխտագնացութիւն   (ANSA)

Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Ափրիկէի դեսպաններուն յոբելենական ուխտագնացութիւնը՝ Ափրիկէի միջազգային օրուան առթիւ

«Նախաձեռնութիւնը պիտի համախմբէ 250 անձինք ու պիտի հանդիսանայ հաղորդութեան եւ աղօթքի պահ մը, որ պիտի միացնէ Ափրիկեան ցամաքամասէն ժամանած հաւատացեալներուն սրտերը» գրուած է այս առիթով հրատրակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Ափրիկեան երկիրներու դեսպանները Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս եւ Ափրիկէի միջազգային 62-րդ օրուան առիթով կազմակերպած են իրենց Յոբելենական ուխտագնացութիւնը որ կայացաւ այսօր` 26 Մայիս 2025-ին ։ Լուրը կը կարդանք, Սուրբ Աթոռի մօտ Քամերունի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ու նաեւ նշուած է թէ «ուխտագնացութեան կը մասնակցին Սուրբ Աթոռի եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած Ափրիկեան Երկիներու դեսպանները ու անոնց ընտանեկան պարագաներն ու համագործակիցները»։

«Յոյսի ուխտաւորներ» Յոբելենական Սուրբ Տարուան առթիւ այս արտակարգ եւ կարեւոր հոգեւոր եւ մշակութային միջոցառումին որպէս նիւթ ընտրուած է «Ափրիկէի մէջ խաղաղութիւնը» ու այս նիւթը կ՝արտացոլայ խոր ցանկութիւնը՝ ապրելու յոբելեանը` որպէս շնորհք եւ վերանորոգումի պահ, ամրապնդելով երկիրներուն եւ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան, արդարութեան եւ ներդաշնակութեան նկատմամբ հաւաքական յանձնառութիւնը», նշուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ։

Ուխտագնացութեան նպատակը

«Գիտակցելով Ափրիկէի դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն՝ Դեսպանները հաստատակամ վստահութիւն կ՛արտայայտեն Յոբելեանին առաջարկած յոյսի եւ փոփոխութեան ներուժի նկատմամբ» կը կարդանք միշտ հաղորդութեան մէջ ուր ապա նշուած է թէ «այս Յոբելենական ուխտագնացութիւնը թանկարժէք հնարաւորութիւն է. Նախ «Ամրապնդելու միջ կրօնական եւ միջ մշակութային երկխօսութիւնը՝ խթանելով փոխըմբռնումն եւ համագործակցութիւնը Ափրիկէի մէջ ապրող տարբեր համայնքներուն միջեւ», հնարաւորութիւն է նաեւ «Նպաստելու խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան՝ յաղթահարելով Ափրիկեան ցամաքամասը խաթարող հակամարտութիւններն ու բաժանումները» ապա «Աջակցելու մարդկային համապարփակ զարգացման՝ ապահովելով, որ բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը վայելեն արժանավայել եւ բարգաւաճ կեանք մը», հուսկ հնարաւորութիւն` «Տօնախմբելու Ափրիկէի մշակոյթներու հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը՝ արժեւորելով ցամաքամասի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը»։

Սուրբ Դուռէն անցքը եւ պատարագ

Ափրիկեցի դեսպաններուն ուխտագնացութիւնը պիտի կեդրոնանայ Հռոմի Քահանայապետական չորս Պազիլիքաներու Սուրբ Դուռերէն անցքին վրայ, որոնք «քրիստոնեայ հաւատքին դարաւոր խորհրդանիշեր են եւ անգին հոգեւոր գանձերու պահապաններ»։

Ուխտագնացութիւնը կը սկսի Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի տաճարէն ու ու կը շարունակուի դէպի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճար, ապա «Սանթա Մարիա Մաճորէ» տաճար, եւ կ՝աւարտի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ուր յետմիջօրէի ժամը 3ին, ուխտաւորները կը մասնակցին Կարդինալ Փիթըր Քոտվօ Ափփիա Թուրքսոնի գլխաւորած սուրբ պատարագին, այլ ափրիկեցի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։

«Նախաձեռնութիւնը պիտի համախմբէ 250 անձինք ու պիտի հանդիսանայ հաղորդութեան եւ աղօթքի պահ մը, որ պիտի միացնէ Ափրիկեան ցամաքամասէն ժամանած հաւատացեալներուն սրտերը» գրուած է այս առիթով հրատրակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Ափրիկէի միջազգային օրը 

Նշենք թէ ամէն տարի մայիս 25ին կը նշուի Ափրիկէի միջազգային օրը, որ խոր նշանակութիւն ունի Ափրիկեան ցամաքամասին համար։ 25 մայիս ամսաթիւը կը յիշատակէ Ափրիկէի Միութեան հիմնադրութիւնը (OUA) 25 մայիս 1963ին, որ յետագային, 2002 թուականին դարձաւ Ափրիկէի Միութիւն (UA)։

Օրուան նպատակներն են` տօնախմբել ափրիկեան զօրակցութիւնն ու միութիւնը, յիշատակել ազատութիւնն ու անկախութիւնը, խթանել ընկերա-տնտեսական զարգացումը, վերահաստատել խաղաղութեան եւ կայունութեան ի սպաս յանձնառումը, ու միջազգային գետնի վրայ ճանչնալ Ափրիկէի դերակատարութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2025, 11:07