Կարդինալ Փարոլին. Եպիսկոպոսին առաքելութիւնը պարգեւ է ողջ եկեղեցւոյ համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 22 մայիսին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը գլխաւորեց Պիելոռուսիոյ մէջ անցեալ 3 մարտէն, Պապական նուիրակ նշանակուած գերապ. Ինիացիօ Չէֆֆալիայի եպիսկոպոսական օծումի արարողութիւնը մասնակցութեամբ, տարբեր եպիսկոպոսներու, որոնց շարքին կարդինալ Ֆրանչէսքօ Մոնթենեկրօ, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի ։
Քահանաներու, հաւատացեալներու, նաեւ Բիւզանդական Յոյն կաթողիկէ եկեղեցիէն հաւատացեալներու ներկայութեամբ մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին իր արտասանած Քարոզին մէջ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ընդգծեց, որ եպիսկոպոսին ծառայութիւնը, ողջ եկեղեցւոյ համար պարգեւ մըն է, որ կը պահանջէ ամբողջական նուիրում համայնքին, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութիւն՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կրօնական մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար, մասնաւորապէս պատերազմներով շրջապատուած միջավայրերու մէջ, ինչպէս Ուքրանիան։
Երկու ձայներով օրհներգ
Այսօր՝ Տաճարին մէջ սուրբ պատարագը «գոհաբանութեան օրհներգ» է «երկու ձայներով»՝ Լատին Եկեղեցւոյ, նաեւ Իտալիոյ մէջ Ալպանացիներու Յոյն Բիւզանդական կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որուն կը պատկանի նոր եպիսկոպոսը, որ ծնած է Փալերմօ քաղաք՝ 1975ին եւ քահանայ ձեռնադրուած 2003ին, ըսաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ապա մատնանշեց Սուրբ Հոգիին պարգեւի պահպանման կարեւորութեան, որ կ՝այրի կրակի պէս եւ կը պահանջէ ամէն օր վերանորոգուիլ, եպիսկոպոսութիւնը լիարժէքօրէն ապրելու եւ «աշխարհի լոյսը ըլլալու» համար։
Կարդինալ Փարոլին քարոզը աւարտեց Հրաւիրելով նորօծ եպիսկոպոսը ոգեշնչուելու Անտիոքի Սուրբ Իգնատիոսէն, որ եռանդուն հովիւ, նահատակ, Տիրոջ քաջարի վկայութեան տիպար եղած է, նաեւ հալածանքներուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ