MAP

2025.05.14 Il cardinale Parolin alla Gregoriana

Կարդինալ Փարոլինը Քոնքլավէն ետք առաջին անգամը ըլլալով կը պատասխանէ լրագրողներու հարցերուն

Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանի մէջ Ուքրանիոյ նուիրուած միջոցառման ծիրէն ներս՝ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը ՝ պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղած հարցումներուն նշած է, որ չբացառէր, որ Լեւոն ԺԴ․ իր առաջին այցը կատարէ՝ Թուրքիա Նիկիոյ ժողովի 1700ամեակի առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երեկ՝ 14 Մայիսին, Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանի մէջ Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովանիին տակ Ուքրանիոյ նուիրուած միջոցառման ծիրէն ներս՝ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը՝ Քոնքլավէն ետք առաջին անգամը ըլլալով պատասխանեց լրագրողներու՝ տարբեր նիւթերուն հայող հարցերուն։

Խաղաղութեան բանակցութիւնները Իսթանպուլի մէջ

Ռուսաստանի եւ Ուքրանիայի նախագահները միաւորող վայր՝ Իսթանպուլի մէջ վերջնական խաղաղութեան հասնելու նպատակով այսօր նախատեսուող գագաթնաժողովի վերաբերեալ հարցին՝ Ծիրանաւորը ուրախութիւն արտայայտեց, որ «վերջապէս հնարաւորութիւն կայ ուղիղ հանդիպման», որ «հանգոյցները կը լուծուին եւ խաղաղութեան ուղին իսկապէս կարող է սկսիլ»։

Պետքարտուղարի խօսքով՝ ճիշտ է «տակաւին վաղաժամ է» կանխատեսումներ ընել, սակայն յոյս կայ, որ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ միջնորդութեամբ ուղիղ բանակցութիւնները կարող ըլլան «լուրջ մեկնարկային կէտ դառնալ պատերազմը դադարեցնելու համար»։

Քահանայապետի առաջին այցը արտերկիր

Կարդինալ Փարոլինը Թուրքիան նաեւ որպէս հնարաւոր վայր նկատեց՝ Լեւոն ԺԴ․ Պապին առաջին արտերկրեայ այցի համար՝ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700ամեակի առթիւ․ «Այդ մէկը կարեւոր պահ է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար, կարեւոր է՝ համամիութենականութեան համար։ Վայր, ուր վստահաբար Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէր։ Ու կը կարծեմ, որ Լեւոն Պապը այդ նոյն ճանապարհը կը բռնէ»։

Մինչ՝ Սրբազան Պապին Ուքրանիա հրաւէրի առնչութեամբ, որ նախագահ Զելենսքին ուղղած էր երկուշաբթի առաւօտեան կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին, Վատիկանի Պետքարտուղարը նշեց թէ՝ «վաղաժամ է ենթադրութիւններ կատարել Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետի Ուքրանիա այցելութեան շուրջ»։

Մանուկներու հայրենադարձման գործը կը շարունակուի

Ան ապա յատուկէն շեշտեց, որ Սուրբ Աթոռը «կը ջանայ կողմերը մօտեցնել,եւ ոչ թէ հետագայ բաժանումներ ստեղծել»։ Այս դիրքորոշումէն մեկնելով՝ Ան վստահեցուց, որ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիի առաքելութեամբ ուքրանացի անչափահասներու հայրենադարձման գործը կը շարունակէ ընթացքի մէջ ըլլալ եւ այդ աշխատանքի արդիւնքը եղաւ բռնի կերպով Ռուսաստան տարուած որոշ ուքրանացի երեխաներու հայրենադարձումը։

Կազայի հակամարտութեան աւարտը

Ըլլայ Սրբազան Քահանայապետը, ըլլայ Սուրբ Աթոռը կը շարունակեն Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ Ֆրանչիսկոս Պապի որդեգրած գիծը, որ է՝ անդադար կոչ «Կազայի մէջ հակամարտութեան վերջ դնելու եւ պատանդներուն ազատ արձակելու համար» եւ «Կազային մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար», հաստատեց Ծիրանաւորը եւ տեղեկացուց, որ Քոնքլավէն առաջ տեղի ունեցած ընդհանուր ժողովներու ժամանակ «լուրջ միջամտութեան ուժեղ կոչ» հնչած էր այս կէտերու վերաբերեալ՝ զուգորդելով այն մտահոգութեան, որ Մերձաւոր Արեւելքը կը դատարկուի քրիստոնեաներէն»։

«Պէտք ենք, ուստի, գտնել այս մեծ խնդիրներու պատասխանները», յարեց ի վերջոյ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2025, 10:05