Պապական հիմնադրամը 14 միլիոն տոլար կը յատկացնէ աւելի քան 60 երկիրներուն կարիքաւոր բնակչութեան։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ամերիկեան Պապական հիմնադրամը յայտարարեց 10 միլիոն տոլար դրամաշնորհի ներդրման մասին՝ Վատիկանի հետ համագործակցութեամբ՝ օգնութեան նախագիծերուն համար, որոնք կեդրոնացած են ջուրի հասանելիութեան, դպրոցներուն կառուցման եւ վերանորոգման, եկեղեցիներուն, եւ նորընծայարաններուն վերականգման, առողջապահական հաստատութիւններուն եւ տարեց քահանաներուն խնամքի համար։
Առաքելական հիմնադրամի միջոցաւ չորս միլիոն տոլար պիտի յատկացուի նաեւ շտապ մարդասիրական օգնութեան համար։ Քահանայապետական հիմնադրամի նոր նախագահ, Էտվարտ Ֆիզկելարտ Գ, հաստատեց որ այս օգնութիւնները կ՝արտացոլան Քրիստոսի սէրը ամենաշատ կարիքաւորներուն հասցնելու յանձնառութիւնը։
Հիմնադրամի գերատեսչութեան խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Տոլան շեշտեց աղքատները ծառայելու կարեւորութիւնը՝ համաձայն Մատթէոս Աւետարանին՝ ընդգծելով ամենախոցելիներուն հաւատքով եւ կարեկցանքով օգնելու պատասխանատուութիւնը։
Պապական Հիմնադրամը կ՝աջակցի նաեւ կրթական ծրագիրներուն, տրամադրելով տարեկան 800,000 տոլար կրթաթոշակները աւելի քան 100 քահանաներուն, կրօնաւորներն, որոնք հռոմի մէջ կը կատարեն իրենց ուսումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ