Փաուլօ Ռուֆֆինին արժանացաւ «Paoline20 25»մրցանակին` Աւետարանով միշտ ոգեշնչուած աշխատանքին համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 27 մայիսին, Հռոմի «Լումսա» համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Ֆրանչիսկոս Պապ. Հեզութեամբ կիսեցէք ձեր սիրտերուն մէջ գտնուող յոյսը» վերնագիրով համաժողովը, կազմակերպութեամբ Իտալական Լացիօ մարզի կաթողիկէ մամուլի միութեան (UCSI) եւ Կաթողիկէ Իտալացիներուն (WeCa) ընկերակցութեան։ Համաժողովը վարեցին Մաուրիզիօ Տի Սքինօ եւ Ֆապիօ Պոլզեթթա` վերոնշեալ երկու ընկերակցութիւններուն նախագահները։
Համաժողովին նպատակն է կապել Քահանապետական վարդապետութիւնը հաղորդագրութեան ձեւերուն եւ Լրագրողական բարոյական կանոններուն հետ։
«Paoline» 2025 թուականի մրցանակը
Համաժողովի ծիրէն ներս, հաղորդակցութեան եւ մշակոյթի «Փաուլինէ» ընկերակցութիւնը՝ յանձին Քոյր Փաուլա Ֆոսսոյի, 2025 թուականի «Փաուլինէ» մրցանակը շնորհեց Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Փաուլլօ Ռուֆինիին՝ «իր ներառական եւ երկխօսող ոճին» ինչպէս նաեւ իր աշխատանքին համար՝ որ «բնութագրուած է աւետարանական պատգամին հաւատարմութեամբ»։
Հաղորդակցութեան նուիրուած Համաժողովին առանցքը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Հաղորդակցութիւնը զինաթափելու եւ յարձակողական ըլլալէ մաքրելու» պատգամի բովանդակութիւնը, Հրաւէր մը` որ Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը վերահաստատեց անցեալ 12 մայիսին, Քոնքլաւէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ժամանակ. «Եկէք Զինաթափենք խօսքերը ու պիտի նպաստենք Երկրի զինաթափման»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ