MAP

Զուիցերական պահակագունդի անդամներ Զուիցերական պահակագունդի անդամներ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Քահանայապետական պահակագունդը կ՝ոգեկոչէ 147 պահակներու յիշատակը, որոնք զոհուեցան Կեղեմէս Պապը պաշտպանելու համար

Ամէտ տարի 6 մայիսին, Վատիկանի մէջ կ՝ոգեկոչուի, 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի պատերազմի ընթացքին Զուիցերացի 147 պահակներու յիշատակը, որոնք զոհուեցան Կղէմէս Է Պապը պաշտապանելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանը` աշխարհի ամենափոքր պետութիւնն է՝ սակայն ունի աշխարհի ամենահին բանակներէն մին` Զուիցերական պահակագունդը, որուն պարտականութիւնն է երաշխաւորել Սրբազան Քահանայապետին անմիջական պաշտպանութիւնը։

Քահանայապետի ծառայութեան տակ փոքրիկ բանակը

21 յունիս 1505ին Յուլիանոս Բ Քահանայապետը Զուիցերիայի պետութենէն խնդրած է պահակագունդ մը իր անձնական պաշտպանութեան համար։ 22 յունուար 1506ին Յուլիանոս Բ Քահանայապետը ս. Պետրոս հրապարակի վրայ օրհնեց զուիցերական պահակագունդը։ Սոյն թուականը` 22 յունուարը, նկատուած է զուիցերական պահակագունդի հիմնարկութեան թուական։

Ամէն տարի վեց մայիսին, կ՝ոգեկոչուի 6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի պատերազմի ընթացքին Զուիցերացի 147 պահակներու յիշատակը, որոնք հերոսաբար զոհուեցան Կղէմէս Է Պապը պաշտապանելու համար, Հռոմի պատերազմի ժամանակ։

Այս տարի ոգեկոչման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ, երեքշաբթի, 6 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11-ին, քահանայապետական պահակագունդի զօրանոցին հրապարակին վրայ։ Արարողութեան սկզիբը ծաղեկպսակ կը դրուի զոհուածներուն արձաին դիմաց ապա խօսք կ՝առնէ պահակագունդի հրամանատար, Քրիսթոֆ Կրաֆը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2025, 13:06