MAP

2019.09.30 Santa Teresa di Lisieux

Թերեզա Տի Լիզիոյի փոքրութիւնը արդիական՝ հակադրուելու ժամանակակից մարդու ինքնաբաւութեան․ Կարդինալ Փարոլին

Եկեղեցւոյ Վարդապետ Սրբուհիին Սրբադասման 100ամեակի առիթով, Վատիկանի Պետքարտուղարը, 17 Մայիսին, «Trinità dei Monti» Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը. Միանձնուհիին օրինակը պատասխան է «ամէնքէն ու ամէն բանէն անկախութեան անզուսպ եւ ջղագրգիռ փնտռտուքներուն», որ լուծում չ’առաջարկէր «մարդկային վիճակի թաքնուած առեղծուածներուն» արդի ժամանակներու մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Քրիստոնէութեան ամէնէ ինքնատիպ եւ համակրելի դէմքերէն մին». Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այսպէս բնորոշեց Մանուկ Յիսուսի եւ Սուրբ Դէմքի Սրբուհի Թերեզային՝ յայտնի որպէս Թերեզա Տի Լիզիօ, «Լեռներու Սուրբ Երրորդութեան»՝ «Trinità dei Monti» նուիրուած Եկեղեցիին մէջ նախագահած Սուրբ Պատարագի ժամանակ արտասանած իր քարոզի ընթացքին։ Սրբուհիին մասունքները այդ Եկեղեցիին մէջ զետեղուած են: Ծիսակատարութիւնը կայացաւ անցեալ 17 Մայիսին եւ նուիրուած էր Քարմէլիթեան Սրբուհի Թերեզայի Սրբադասման հարիւրամեակին։

Եկեղեցւոյ Վարդապետ Սրբուհի Թերեզայի կողմէ ընտրած «փոքր ճանապարհը»

Փարոլինը յիշեցուց Ֆրանսայի երկրորդական Պաշտպան Սուրբ եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ Սրբուհի Թերեզայի կողմէ ընտրած «փոքր ճանապարհը», զոր կը բնորոշուէր ամենօրեայ գոյութեան «փոքր առարկայական բաներով»՝ սիրով, խոնարհութեամբ, վստահութեամբ, պարզութեամբ եւ, առաջին հերթին, Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ լիակատար յանձնումով: Սրբուհիի՝ միշտ մանուկ մնալու ցանկութիւնը պէտք չէ շփոթել տեսակ մը դիւրին մանկական մտածելակերպի հետ, նկատեց Ծիրանաւորը՝ բացատրելով, որ խօսքը, ըստ էութեան, «դէպի Աւետարան արմատական ​​վերադարձի» մասին է, դէպի Աստուած, որ իւրաքանչիւր մարդ կ’ընդունի իր իւրայատկութեան մէջ եւ իր սէրը կու տայ ոչ թէ ըստ անձնական արժանիքներու, այլ՝ բացարձակ անհատոյց կերպով: Այս առումով Կարդինալ Փարոլինը Սրբուհի Թերեզա Տի Լիզիոյի կերպարի մէջ ընդգծեց Աստուծոյ հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութիւնը։

Յաղթահարելով ինքնաբաւութեան անսանձ ձգտումը

Ան ապա խիստ արդիական բնութագրեց փոքրութիւնը ընտրած Մանուկ Յիսուսի Սրբուհիին պատգամը, քանզի մարդն այսօր, ինչպէս եւ անցեալին, «տարբեր ձեւերով կը մերժէ բնական եւ փոխադարձ կախուածութիւնը ուրիշներէ եւ բնապահպանական համակարգէ՝ Աստուծոյ նմանելու համար»:

«Ամէնքէն ու ամէն բանէն ինքնավարութեան, ինքնաբաւութեան, անկախութեան այս անսանձ եւ ջղագրգիռ որոնումներու մէջ ժամանակակից մարդն ի վիճակի չէ «մարդկային վիճակի թաքնուած առեղծուածներուն պատասխաններ» տալ՝ կեանքի իմաստէն սկսեալ մինչեւ բարիքի եւ մեղքի գաղափարներ, ցաւէն մինչեւ իսկական երջանկութեան հասնելու ճանապարհ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2025, 08:00