Պուտիսթները եւ քրիստոնեաները երկխօսութեան մէջ այսօրուան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պուտիսթներուն «Լոյս»ի տօնին առթիւ, որ կը յիշատակուի Պուտտայի կեանքի հիմնարար իրադարձութիւնները, Միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութիւնը աշխարհի Պուտիթներուն յղեց բարի մաղթանքներու ուղերձ մը «Պուտիթսները եւ Քրիստոնեաները մեր ազատագրումի երկխօսութեան մէջ՝ մեր ժամանակուան համար» վերնագիրով։
Ուղերձին մէջ միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսուչը, ջերմագին բարեմաղթանքները յղեց լոյսի տօնի կապակցութեամբ, որ կը նշէ Պուտայի ծնունդը, լուսաւորութիւնը, մահը, «խոր նշանակութիւն փոխանցելով Պուտիսթներուն»։
«Այս առիթով մեր ողջոյնները հարստացած են Յոբելեանի ոգիով, Կաթողիկէներուն համար շնորհքի, հաշտութեան եւ հոգեւոր վերանորոգումի ժամանակ», գրուած է ուղերձին մէջ ուր յիշուած է նաեւ, որպէս միջ կրօնական երկխօսութեան գործընկեր, Վատիկանի Nostra Aetate, փաստաթուղթը, ոչ քրիստոնեայ կրօններուն հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ.«Այդ փաստաթուղթին մէջ հաստատուած է, որ Եկեղեցին չի մերժեր այն ինչ ճշմարիտ եւ սուրբ է այլ աւանդութիւններուն մէջ, յաճախ ճանչնալով ճշմարտութեան մի ճառագայթ, որ կը լուսաւորէ ողջ մարդկութիւնը»։
Մասնաւորապէս կը ճանչնայ Պուտիսմը, որպէս կեանքի ուսմունք, որ կը տանի դէպի ազատագրում, լուսաւորութիւն՝ թէ սեփական ջանքերով եւ թէ աստուածային օգնութեամբ։ Պառակտումներով եւ տառապանքներով նշանաւորուած աշխարհին մէջ մեր աւանդութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը կը ներկայացնէ յոյսի ուղի՝ մեզ պարտաւորեցնելով, ոչ միայն փոխանցելու մեր կրօններուն գանձերը, այլ խօսքերը վերածել խաղաղութեան, արդարութեան, արժանապատուութեան գործողութիւններուն, նշուած է պատգամին մէջ ո յիշուած է Վատիկանի կրօններու միջեւ երկխօսութեան նուիրուած փաստաթուղթերը. «Ինչպէս ընդգծուած է Nostra Aetate եւ մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին մէջ, կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձութեան, տարբերութիւններուն գնահատման եւ եղբայրութեան վրայ», նշուած է ուղերձին մէջ ու աւելցուած «Իսկական երկխօսութիւնը կարող է պատասխաններ տալ մարդկութեան մեծ մարտահրաւէրներուն՝ խթանելով փոխըմբռման եւ համագործակցութեան մթնոլորտ։
.Այս մտորումներով մենք վստահ ենք, որ մեր աւանդութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը կարող է նպաստել աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհի կառուցման։ Ձեզի կը մաղթենք օրհնեալ եւ բեղուն Վեսակի տօնակատարութիւն՝ լի հոգեւորութեամբ եւ եղբայրութեամբ»։ Նշուած Լոյսի տօնի առթիւ միջ կրօնական երկխօսութեան յղած պատգամին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ