MAP

2025.05.13 Messa Sua Beatitudine Menassian nella Basilica di Santa Maria Maggiore nell'ambito del Giubileo delle Chiese Orientali

Խոնարհութիւն, պարզութիւն եւ գթութիւն հիմնարար խօսքեր՝ Քրիստոսի հետ մեր ուղեւորութիւնը շարունակելու համար. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․

Յոյսի Յոբելենական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, 12 Մայիսի ժամը մէկին, Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին. «Մենք՝ Հայ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակներս, հաւատքի եւ նահատակութեան դարերու վկաներս, կանչուած ենք այսօր, Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի մէջ շարունակական պատերազմներու ժամանակաշրջանին, մեր կեանքով եւ արիւնով վկայելու Քրիստոսի նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Սանթա Մարիա Մաճճորէ վեհաշուք Պազիլիքայէն ներս, Տիրամօր պաշտպանող ստուերի ներքոյ՝ միասին կը տօնախմբենք հաւատքի պարգեւը եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ մեզի փոխանցած է երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուայ շրջագիծէն ներս։ Այս յոյսը, որ երբեք չի հիասթափեցներ, մեզի կ՛ուղեկցի ուրախութեան եւ փորձութեան պահերուն՝ հրաւիրելով մեզ վերաբացայայտելու ոյժը ու յաւերժութիւնը», այս խօսքերով է, որ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը սկսաւ իր քարոզը Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուած հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին, որ կայացաւ երկուշաբթի 12 Մայիսի ժամը մէկին Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Յոյսի Յոբելենական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ, կղերական դասի անդամներ ու տարբեր վայրերէ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած հայ կաթողիկէ ուխտաւորներ, ինչպէս Լիբանանէն, Սուրիայն, Հայաստանէն, Թուրքիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն։

Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ
Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ

Մասնակցեցան Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը,  Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ մօտ հաւատարմագրուած Հ.Հ. դեսպանները

Ներկայ էր նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը վսեմաշուք Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին եւ Վերտաեսչութեան քարտուղար` Գերապայծառ Միշէլ Ժալախ, ինչպէս նաեւ Հ.Հ. Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` Տիար Պորիս Սահակեան, Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` Տիար Վլատիմիր Կարապետեան եւ այլ դիւանագէտներ ու Հռոմի մէջ Արեւելեան Եկեղեցիները ներկայացնող բարձրաստիճան Եկեղեցականներ։

Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ
Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ

Յոբելեանը յատուկ առիթ՝ ազատուելու ատելութեան բոլոր ձեւերէն

Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը վստահուած էր Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի սաներուն, որոնք Մարեմեան տաճարը զարդարեցին հայկական շարականներու մեղեդիներով, հրապուրելով այնտեղ ժամանած հազարաւոր հաւատացեալները, որոնք տաճարը կ՛այցելէին նաեւ յարգանքի տուրք մատուցելու Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող խորանի կողքին։

Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դիմելով ներկաներուն ըսաւ. «Դուք եկած էք այստեղ աշխարհի բոլոր անկիւններէն՝ մղուած այս Յոբելենական տարին ապրելու խոր ցանկութեամբ՝ շնորհքի, հոգեւոր նորոգութեան եւ վերածնունդի այս ժամանակ: Յատուկ առիթ՝ ազատուելու ատելութեան բոլոր ձեւերէն»:

Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ

Ֆրանչիսկոս Պապի «Յոյսի ուխտաւորներ» իմաստուն կարգախօսը

Ան ապա յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 2025 թուականի Յոբելեանի համար ընտրած «Յոյսի ուխտաւորներ» «իմաստուն» կարգախօսին, նշեց, որ այդ «ընտրութեամբ Ան ցանկացաւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի սիրտին մէջ յառաջացնել յոյսի եւ վստահութեան մթնոլորտը վերակառուցելու խոր ցանկութիւն՝ վերականգնելու համար մեր աշխարհին այնքան անհրաժեշտ հոգեւոր վերածնունդը»:

«Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գիտեր, թէ ինչպէս համատարած աղքատութեան ողբերգութիւնը անյաղթահարելի պատ ստեղծած է մեր եւ աղքատութեան մէջ ապրողներու միջեւ՝ թոյլ չտալով միլիոնաւոր այր մարդոց, կանանց եւ երեխաներու ապրիլ Աստուծոյ կողմէ բոլորին ընձեռած արժանապատուութեամբ....։ Ճիշտ այս Պազիլիքայի մէջ Ան կը հանգչի, եւ Անոր գործը մշտապէս յիշելը նման է Անոր նորէն ձայն տալու», յարեց ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Ան հաստատեց այնուհետեւ, որ «յոյսը կը ծնի մեր ծննդեան պահուն: Կը սնուի մեր կեանքով, մեր երազանքներով եւ յաջողութեան, երջանկութեան եւ Հօր մօտ վերադարձի մեր յոյսերով՝ հարստացած փորձառութիւններով եւ հոգեւոր արժէքներով եւ մեզի հետ տանելով այս կեանքի պարգեւներն ու բարի գործերը, որպէսզի առատաձեռնօրէն արձագանքենք մեզի վստահուած կոչումին»։

Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ
Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ

Պէտք ենք նորոգել Աւետարանին քաջութեամբ եւ հաւատարմութեամբ վկայելու մեր յանձնառութիւնը՝ խաղաղութիւն եւ սէր բերելով աշխարհին

«Մենք՝ Հայ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակներս, հաւատքի եւ նահատակութեան դարերու վկաներս, կանչուած ենք այսօր, Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի մէջ շարունակական պատերազմներու ժամանակաշրջանին, մեր կեանքով եւ արիւնով վկայելու Քրիստոսի նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը՝ ամրապնդելով գթութեան եւ քրիստոնէական սիրոյ վրայ արմատացած մեր հաւատքը: Ահաւասիկ այս է կոչումը, ըստ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ վերապահուած է հայ հաւատացեալին։ Ասկէ մեկնելով Ան յորդորեց յիշել Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը, որ «Այս է իմ պատուէրս, որ սիրէք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։» (Յովհ. 15:12): Եւ դարձեալ կը յորդորէ մեզի. «Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը տալ բարեկամներուն համար։» (Յովհ. 15:13):

Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ
Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ

Լեւոն ԺԴ․ Պապին «որդիական սրտով կը մաղթենք օրհնութիւններով լի արգասաբեր ծառայութիւն

«Հետեւելով Քրիստոսի՝ մեր Փրկչի եւ Թագաւորի օրինակին», ըսաւ ապա Հոգեւոր Տէրը, պէտք ենք «նորոգել Աւետարանին քաջութեամբ եւ հաւատարմութեամբ վկայելու մեր յանձնառութիւնը՝ խաղաղութիւն եւ սէր բերելով աշխարհին: Այս առթիւ մենք ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր մօտիկութիւնը եւ մեր աղօթքը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի իրաւայաջորդ՝ Լեւոն ԺԴ․ Պապին», որուն «որդիական սրտով կը մաղթենք օրհնութիւններով լի արգասաբեր ծառայութիւն»։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը ի վերջոյ աւարտեց իր քարոզը նախանշելով «երեք հիմնարար խօսքեր՝ Քրիստոսի հետ մեր ուղեւորութիւնը շարունակելու համար. խոնարհութիւն, որ մեզ բաց կը դարձնէ Աստուծոյ կամքին. պարզութիւնը, որ կ’օգնէ մեզի ապրիլ մաքրութեամբ եւ վաւերականութեամբ, եւ գթութիւնը, որ կը մղէ մեզ սիրելու անվերապահօրէն՝ վկայելով Աւետարանը հետեւողականօրէն եւ առատաձեռնութեամբ: Այս առաքինութիւններով միասին քալենք դէպի յարութիւն առած Քրիստոսի նոր կեանքի նպատակը», ըսաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովուապետը՝ եզրափակելով իր քարոզը։ 

Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին
Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին

Դուք այնքան մօտ էք Տիրոջ խաչին, որ Անոր հետ ցանկացաք կիսել շարք մը տառապանքներ․ Կարդինալ Կուճերոթթի

Ծիսակատարութեան  աւարտին Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին  ներկաներուն ուղղեց ողջոյնի խօսք մը նախ հայերէնով, ապա իտալերէնով, անոնց փոխանցելով «Լեւոն Պապին ողջագուրումը»։ Ծիրանաւորը յիշեց նաեւ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն ցանկութեամբ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

Կարդինալ Կուճերոթթին խօսեցաւ նաեւ հայ ժողովրդի տառապանքներու մասին՝ յիշելով 24 Ապրիլը եւ կոչ ընելով հայերուն մնալ միացած, «քանի որ, ըսաւ Ան, ամէն անգամ, երբ հայ ժողովրդի մէջ պառակտում կը ստեղծուի, այդ պառակտումը կը մնայ յաւերժ»։

«Դուք այնքան մօտ էք Տիրոջ խաչին, որ Անոր հետ ցանկացաք կիսել շարք մը տառապանքներ», աւելցուց Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, որ այնուհետեւ հրաւիրեց ներկաները հպարտանալ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրենց պատկանելութեամբ, «որուն եզակի մարգարիտն էք» յարեց Ան, բացատրելով, որ մարգարիտը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ եւ խնամուի, եւ նոյնը կը վերաբերէ Յոյսի Սուրբ Տարուայ ուխտագնացութեան, որ  նորացման ճամբորդութիւն է, որպէսզի մարգարիտը շարունակէ փայլիլ եւ ճառագել գեղեցկութիւն ու լոյս։

Ծիրանաւորը ապա հրաւէր ուղղեց ներկաներուն աղօթելու նոր Քահանայապետի՝ Լեւոն ԺԴ․ Պապին համար՝ անոնց տալով ժամադրութիւն դարձեալ հանդիպելու չորեքշաբթի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճի մէջ, ուր նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետին ունկնդրութիւնը՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու բոլոր անդամներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2025, 10:20