Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը ՄԱԿին՝ դառնալու պետութիւններու երկխօսութեան հարթակ․ Կարդինալ Փարոլին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռը, Լեւոն ԺԴ․ Պապի առաջնորդութեամբ, կը պարտաւորուի համագործակցիլ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ «մարդկային արժանապատւութիւնը խթանելու, խոցելի խումբերուն պաշտպանելու եւ կամուրջներ կառուցելու այնտեղ, որտեղ այլապէս կարող է գերիշխել անվստահութիւնը»։ Այս մէկը ընդգծեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան կապակցութեամբ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դէտ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչայի կողմէ 19 Մայիսին կազմակերպուած ընդունելութեան ատեն իր ելոյթի ընթացքին։
Հանդիպելու, երկխօսութեան եւ բանակցելու անհրաժեշտութիւնը
Նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը հնարաւորութիւն է «նորոգումի ոչ միայն կաթողիկէներու, այլեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը կը փնտռեն աւելի մեծ արդարութեան, համերաշխութեան եւ խաղաղութեան աշխարհ մը», շարունակեց Ծիրանաւորը՝ յոյսով, որ Սուրբ Աթոռը եւ ՄԱԿ-ը կը կարողանան «միասին առաջ շարժիլ՝ ոգեշնչուած Լեւոն ԺԴ․ Պապի յոյսով ու տեսլականով», որ «որպէս Պետրոսի իրաւայաջորդ առաջին իսկ օրէն արտայայտեց կամուրջներ կառուցելուն իր խոր նուիրուածութիւնը՝ ընդգծելով հանդիպելու, երկխօսութեան եւ բանակցելու անհրաժեշտութիւնը»։
«Միասին արձագանքե՛նք Սրբազան Հօր կոչին եւ դառնանք խաղաղութիւն սերմանողներ, որ պիտի յարատեւէ ողջ պատմութեան ընթացքին, այլ ոչ թէ՝ զոհեր հնձողներ», յարեց Վատիկանի Պետքարտուղարը՝ մէջբերելով Լեւոն ԺԴ․ վերջերս արտասանած ելոյթէն խօսքեր։
Կառուցել հանդիպումի դիւանագիտութիւն
«Բաժանումներով, հակամարտութիւններով եւ հրատապ ընդհանրական խնդիրներով նշանաւորուած» աշխարհի մը մէջ՝ կլիմայի փոփոխութենէ մինչեւ գաղթականութիւն եւ արհեստական բանականութիւն», նոր Քահանայապետը, ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը, «կը հրաւիրէ մեզ ողջագուրել հանդիպումի դիւանագիտութիւնը»՝ այսինքն դիւանագիտութիւն, «որ կ’ունկնդրէ խոնարհութեամբ, կը գործէ կարեկցանքով եւ ամէն բանէ առաջ կը ձգտի ընդհանուր բարօրութեան»։
Հետեւաբար, շարունակեց Ծիրանաւորը «Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ իր անսասան աջակցութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան առաքելութեան», որպէսզի ան դառնայ «հարթակ, ուր պետութիւնները յանձնառու ըլլան երկխօսութեան՝ լսելի դարձնելով իրենց ժողովուրդներու ձայնը, եւ ուր կերտուին մարդկութեան ամէնէ մեծ մարտահրաւէրներու լուծումները»։
Սուրբ Աթոռը կ’առաջարկէ «իր բարոյական ձայնը»՝ ի պաշտպանութիւն աղքատներու եւ կարիքաւորներու
Վատիկանը, եզրափակեց Պետքարտուղարը, կը ճանչնայ դիւանագէտներու եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու կարեւոր դերը «խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը խթանելու գործին մէջ, յաճախ մեծ բարդութիւններու պայմաններու մէջ»։
Սուրբ Աթոռը, համահունչ Սրբազան Պապին հետ, կը ցանկանայ շարունակել իր ներդրումն ունենալ այս առաքելութեան մէջ՝ «իր բարոյական ձայնը» առաջարկելով «աղքատներու եւ կարիքաւորներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ համապարփակ մարդկային զարգացման հետապնդման գործին մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ