Սուրբ Աթոռը. Կան Պետութիւններ, որոնք աւելի շատ ծախսեր կ՛ընեն պարտքերու համար, քան առողջապահութեան և կրթութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ժընևի ՄԱԿ-ի զարգացման իրաւունքի հարցերով աշխատանքային խումբի 26-րդ նստաշրջանի ընթացքին Սուրբ Աթոռը ներկայացնող Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերօ դատապարտեց բազմաթիւ աղքատ երկիրներու վրայ ծանրացող «անարդար ֆինանսական բեռը»՝ զանոնք անուանելով մարդկային արժանապատուութեան խախտում և խոր համաշխարհային անարդարութեան նշան։
Գերապ. Պալեսթրերօն ընդգծեց, որ զարգացող Երկիրներու արտաքին պարտքը վերջին քսան տարիներուն ընթացքին քառապատկուեցաւ 2023-ին հասնելով 11.400 Միլիառ տոլարի։ Ներկայիս 3.3 միլիարդ մարդ կ՛ապրի այնպիսի Պետութիւններու մէջ, որոնք պարտքի տոկոսներու համար աւելի շատ ծախսեր կ՛ընեն, քան առողջապահութեան կամ կրթութեան համար։
Ասկէ մեկնելով ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը նշեց որ Սուրբ Աթոռը կ՛առաջարկէ այդ պարտքերուն ջնջումը, որպէս արդարութեան եւ զօրակցութեան արարք մը, ընդգծելով որ տնտեսութիւնը պէտք է ըլլայ ի ծառայութիւն մարդոց եւ ոչ թէ հակառակը։ Ան ապա յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato si’» շրջաբերականին որուն մէջ Ան կը դատապարտէ պարտքերու օգտագործումը որպէս «վերահսկողութեան գործիք»։
Սուրբ Աթոռը արդարեւ կոչ կ՛ուղղէ վերատեսելու տնտեսական համակարգերը, զանոնք հիմնելով մարդկային արժանապատւութեան, պատասխանատուութեան ու զօրակցութեան սկզբունքներուն վրայ, յատկապէս Յոյսին նուիրուած այս Յոբելենական Սուրբ Տարուան առիթով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ