Ընտանիքներու, մանուկներու, պապիկ-մամիկներու ու տարեցներու Յոբելեանը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ուրբաթ` 30 Մայիսէն մինչեւ Կիրակի մէկ Յունիս 2025-ին նախատեսուած է Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Տարուան մեծ ձեռնարկներէն մին որ նուիրուած է ընտանիքներուն, մանուկներուն, պապիկ մամիկներուն ու տարեցներուն, երեք օրեր որոնք յատկանշուած պիտի ըլլան ձեռնարկներու հարուստ առաջարկներով, աղօթքի յատուկ պահերով, խորհրդածութիւններով, տօնախմբութիւններով ու բաժնեկցութեամբ». Լուրը կը կարդանք Աւետարանութեան Վերատեսչութեան այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի որ «յոբելենական սոյն ձեռնարկին առիթով Հռոմի մէջ կը սպասուին աւելի քան 60 հազար հաւատացեալներ, որոնք պիտի գան աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու 120 Երկիրներէն, որոնց ամենամեծ թիւը Իտալիայէն, Սպանիայէն, ԱՄՆ-էն, Լեհաստանէն և Փորթուկալէն է։ Ուխտաւորները պիտի ժամանեն նաեւ Պրազիլէն, Արժանթինէն, Քոլոմպիայէն, Մեքսիքայէն, Միացեալ Թագաւորութիւնէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Քանատայէն, Ռումանիայէն, Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն ու Չիլիէն։
Ուխտագնացութեան պիտի մասնակցին նաեւ տարբեր եկեղեցական շարժումներու անդամներ, ինչպէս` ԱՃԵՇԻ սկաուտական խումբէն, Ացիոնէ Քաթթոլիքա բանուորական շարժումէն, Նէոքաթեքումենալ հասարակութենէն, Ֆոքոլարինի եւ այլ իտալական ու միջազգային հաստատութիւններ, որոնք ներգրաւուած են ընտանիքներու մարդկային ու հոգեւոր խթանումի ուղեկցութեան մէջ։
Ուխտագնացութեան յայտագիրը
Ուրբաթ` 30 Մայիսին առաւօտեան ժամը 8.-էն մինչեւ կէսօրէն ետքը ժամը` 5-ին նախատեսուած են Քահանայապետական պազիլիքաներու Սուրբ Դռներու ուխտագնացութիւնը, ապա ժամը տասէն սկսեալ Հռոմի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ տեղի կ՛ունենան մշակութային, գեղարուեստական և հոգևոր բնոյթ ունեցող «Երկխօսութիւն քաղաքին հետ» վերտառութեամբ ձեռնարկներ, որոնք ոգեւորուած պիտի ըլլան ընտանիքի հովուական խնամակալութեամբ զբաղող տարբեր ընկերակցութիւններու պատկան անդամներէն, որոնց շարքին Մանուկներու Համաշխարհային Օրուայ Քահանայապեական Կոմիտէն եւ այլ կարեւոր հաստատութիւններ։
Շաբաթ` 31 Մայիսին կը շարունակուին Քահանայապետական Պազիլիքաներու Սուրբ Դռներու ուխտագնացութիւնները, բացի Սուրբ Պետրոս պազիլիքայէն, որ առաւօտեան 8-էն մինչեւ 14-ը փակ կը մնայ, ի տես նոյն օրը նախատեսուած պատարագին ու քահանայական ձեռնադրութիւններուն։
Ժամը 9.30 մինչեւ 17.30, կը շարունակուի նաեւ «Քաղաքին հետ երկխօսութիւն» նախաձեռնութիւնը, իսկ երեկոյեան ժամը 6,30-էն մինչեւ 8, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ «Ընտանիքին Տօնախմբութիւնը» եւ Աղօթքի Հսկումը, որուն ընթացքին պիտի արտասանուի Սուրբ Վարդարանը` ի փակումն Մարեմեան ամսուան։ Տօնախմբութեան ելոյթ պիտի ունենան նշանաւոր արուեստագէտներ ու պիտի ներկայացուին ընտանիքին ի սպաս յանձնառումի ու փորձառութիւններու տարբեր վկայութիւններ։ Այս առիթով մասնակիցներուն պիտի բաժնուին «Մանկական Աստուածաշունչի» նոր հրատարակութեան 10,000 օրինակ՝ հրատարակուած հինգ լեզուներով «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» Քահանայապետկան հիմնադրամի կողմէ։
Յոբելենական սոյն ուխտագնացութիւնը պիտի աւարտի Կիրակի` մէկ Յունիս 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Լեւոն ԺԴ. գլխաւորած Սուրբ Պատարագով, որուն պիտի մասնակցին ընտանիքներու, մանուկներու, պապիկ-մամիկներու ու տարեցներու Յոբելեանի մասնակցող հազարաւոր ուխտաւորները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ