MAP

2025.05.12 Giubileo Chiese Orientali - Santa Messa secondo la liturgia Armena nella cappella della Salus Populi Romani

Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Սուրբ Տարին` 12-էն 14 Մայիս

Երկուշաբթի առաւօտեան ուխտագնացութեան արարողութիւնները սկիզբ առին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ առաւօտեան ժամը 8,30-ին Եթովպական ծէսով մատուցուած Սուրբ Պատարագով, որուն մասնակցեցան Եթովպացի եւ Էրիթրէացի Եկեղեցիները, ապա ժամը մէկին Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին, որուն, միշտ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ հետեւեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալները, Պատրիարքները ու մետրոպոլիտները, այս օրերուն Հռոմի մէջ կը մասնակցին Յոյսի Յոբելենական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու երրօրեայ ուխտագնացութեան որ կը սկսի այսօր 12 Մայիսին ու կ՛աւարտի 14 Մայիսին։

Երկուշաբթի առաւօտեան ուխտագնացութեան արարողութիւնները սկիզբ առին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ առաւօտեան ժամը 8,30-ին Եթովպական ծէսով մատուցուած Սուրբ Պատարագով, որուն մասնակցեցան Եթովպացի եւ Էրիթրէացի Եկեղեցիները, ապա ժամը մէկին Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ  մատուցուեցաւ հայածէս Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին, որուն, միշտ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ  հետեւեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնը։

Յաջորդ օրը` 13 Մայիսին ժամը մէկին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Ասորի Արեւելեան ծէսով կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ մասնակցութեամբ Քաղդէացի եւ Ասորի Մալանպար եկեղեցւոյ հաւատացեալները։

Մինչ Երեկոյեան Հռոմի Աւագ Տիրամօր պազիլիքային մէջ նախատեսուած է Ասորի Արեւմտեան ծէսով ժամասացութեան արարողութիւնը, որ կազմակերպուած է Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Մարոնի ու Ասորի Մալանքար Եկեղեցիներու կողմէ հուսկ ժամը ինին Պազիլիքայի մուտքին նախատեսուած է Աստուածամօր նուիրուած «Աքասթիսթոս» փառաբանութեան տաղը` որբնորոշ է Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ծիսական աւանդոյթին։

Չորեքշաբթի` 14 Մայիսին, որ է նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Յոբելենական ուխտագնացութեան վերջին օրը, առաւօտեան ժամը տասին Արեւելեան Եկեղեցիներու Յոբելեանի ուխտաւորները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու նորընտիր Լեւոն ԺԴ Քահանայապետին հետ որ` Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ անոնց պիտի շնորհէ յատուկ ունկնդրութիւն։

Ապա ժամը 14-ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պիտի մատուցուի բիւզանդական ծէսով սուրբ պատարագը որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 14-ին, ու կազմակերպուած պիտի ըլլայ Յոյն Մելքիդ կաթողիկէ, Ուքրանացի Յոյս Կաթողիկէ, Եւ Ռումանացի Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցիներու ու Բիւզանդածէս միւս եկեղեցիներուն կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2025, 08:12