«Անկարելի բաներու սրբուհի» Սրբուհի Ռիթայի տօնն ու Սրբադասման 125 ամեակը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Ամէն տարի 22 Մայիսին կը յիշատակուի «Անկարելի բաներու սրբուհի» Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի ծիսական տօնը։ Սոյն թուականը կը նշէ Սրբուհիին մահուան օրը` որ պատահեցաւ 22 Մայիս 1457 թուականին։
Այս տարի կը յիշատակուի նաեւ Սրբուհի Ռիթայի սրբադասման 125 ամեակը, Լեւոն ԺԳ Քահանայապետի օրով, 24 Մայիս 1900 թուականին, մինչ անոր Երանացումը տեղի ունեցած է Սրբուհիին մահուընէ 180 տարիներ ետքը, 1626 թուականին Ուրպանոս Ը Քահանայապետի օրով։
Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի հանդէպ մեծարանքը սկսաւ անոր մահուընէ անմիջապէս ետքը ի տես նաեւ անոր գործած բազմաթիւ հրաշքներուն, որոնց բերումով անոր տրուեցաւ «անկարելի բաներու սրբուհիի» տիտղոսը։
Աւազանի անունով Մարկերիթա Լոթթի, ծնած էր Ռոքքափորէնա 1381 թուականին։ Ան Ակոսթինեան միաբանութեան անդամ էր, նման այսօրուայ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ին, որ առաւ նաեւ Սրբուհիի սրբադասումը վաւերացնող Քահանայապետին անունը` Լեւոն ԺԴ.-ի անունը։
Ռիթային կեանքը յատկանշուեցաւ ողբերգութիւններով, հակառակ, որ իր փափաքն էր վանք մտնել ու ինքզինք ամբողջովին Աստուծոյ նուիրել, իր ծնողներուն կամքին հնազանդելով կ՛ամուսնանայ եւ կ՛ունենայ երկու զաւակ։
Երբ Ռիթային ամուսինը կը սպաննուի, անոր զաւակները կը մտադրեն իրենց վրէժը լուծել։ Սրբուհին, որ անխոնջ հաւատացեալ էր եւ ներած էր իր ամուսնոյն մարդասպանները, կ՛աղօթէ նախընտրելով իրեն զաւակներուն մահը քան` չար արարքներու համար անոնց հոգւոյն փրկութիւնը վտանգելը։ Քիչ ժամանակ ետք անոնք կը հիւանդանան ու կը մեռնին։
Այրի ու որդեկորոյս Ռիթան կը դիմէ Օգոստինեան Քոյրերու վանք բայց զայն չեն ընդունիր։ Ռիթան չի յանձնուիր ու թախանձագին կ՛աղօթէ եւ այդ՝ աղօթքի զօրութեամբ ու հրաշքով, Սուրբերու եւ նոյնինքն՝ Սուրբ Օգոստինոսի, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի և Ս. Նիկողայոս Թոլենդինացիի միջնորդութեամբ անոր առջեւ կը բացուին Քաշիայի Օգոստինեան Վանքին դռները, 1413 թուականին, ուր Ան կ՛ապրի մինչեւ իր մահը` 1457ի Մայիս 22ին։
Մինչեւ այսօր անոր մարմինը անապական ու անփուտ կը հանգչի ապակիէ դագաղի մը մէջ, կարծես թէ կը ննջէ։ Ան կը կոչուի նաեւ Անհաւատներու Սրբուհին։ Անյոյս Դատերու Փաստաբանուհին։
Այս տարի նշուող Սրբուհիի սրբադասման 125-րդ տարեդարձին առթիւ ու տրուած ըլլալով, որ 2025-ի հռչակուած է Յոյսի Յոբելենական տարի Սփոլեթօ - Նորչա Թեմին Արքեպիսկոպոսը Սրբուհի Ռիթայի նուիրուած պազիլիքան 2025-ին համար հռչակեց Յոբելենական Եկեղեցի եւ ճիշտ ասոր համար է` որ Սրբուհիին տօնին նուիրուած այս տարուայ տօնախմբութիւնները կը նշուին յատուկ արարողութիւններով եւ պիտի երկարին երեք օր։
Հինգշաբթի` 22 Մայիս 2025-ին տեղի ունեցաւ պատմական շքերթը Ռոքքափորէնայէն մինչև Քաշիա, ուր ապա առաւօտեան 11-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ զոր նախագահեց Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնան ու պատարագի աւարտին Սրբուհի Ռիթայի եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սրբուհիին նուիրուած աղերսական աղօթքը եւ Վարդերու օրհնութիւնը։
Ուրբաթ` 23 Մայիսի երեկոյեան ժամը հինգին Սրբուհի Ռիթայի մայր տաճարին մէջ նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթքը խորհրդածութիւններով, զոր պիտի ապահովեն Օգոստինեան միաբանութեան կրօնաւոր կրօնաւորուհիները։
Շաբաթ` 24 Մայիսին սրբադասման 125 ամեակին օրը, տեղի պիտի ունենայ «Ռիթան յոյսի Սրբուհին» վերտառութեամբ յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուցին անկարելի բաներու Սրբուհիին կեանքին տարբեր հանգրուանները ու նաեւ Սրբուհիին նուիրուած չորս խորհրդածութիւններ, զոր պիտի կատարեն Օգոստինեան միաբանութեան չորս անդամներ, խորացնելու համար Սրբուհիին պատգամի հիմնական կէտերը հայող յոյսին, սիրոյ, հաւատքին ու ներումի ընտրանքին եւ խաղաղութեան։
Յայտնենք` որ այս տօնախմբութիւններէն առաջ 12էն 20 Մայիսին տեղի ունեցաւ Սրբուհի Ռիթայի նուիրուած իննօրեան, որուն առիթով բացառիկ կերպով Օգիստինեան Փակեալ Մայրապետները հաւատացեալներուն առջեւ բացին Մենաստանի դռները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ