Եւրոպայի եպիսկոպոսները. Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին պարզապէս խաղաղութիւն անհրաժեշտ է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 23 մայիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերուն յանձնաժողովի անդամները, Պապ ընտրուելէ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին մահէն մէկ ամիս ետք։
Հանդիպումի ընթացքին Եւրոպայի եպիսկոպոսները Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ անդրադարձան Եւրոպա մայրցամաքի ներկայի եւ ապագայի վերաբերող կարեւորագոյն հարցերուն, որոնց շարքին Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան մտահոգութիւնը, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքները, գաղթականութեան մարտահրաւէրները եւ կրօնական կրթութեան հարցը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով արհեստական բանականութեան։
«Այսօրուան ունկնդրութիւնը մեզի համար մեծ նշանակութիւնը ունեցաւ, որովհետեւ տեղի ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին ընտրութենէն քիչ ժամանակ ետք եւ Ֆրանչիսկոս Պապին վախճանումէն մէկ ամիս վերջ», ըսաւ գերպ Մարիանօ Քրոչիաթա աւելցնելով, որ Քահանայապետը «ուզեց մեզի ազատօրէն լսել՝ այս փուլին առանց որոշ ցուցումներ տալու, մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերելով Եւրոպայի, որ ծնած է որպէս խաղաղութեան եւ համակեցութեան նախագիծը»։
Ռազմական ծախսերը եւ խաղաղութեան համար յանձնարումը
Հանդիպումի ընթացքին կարեւորագոյն թեմաներէն մէկը եղաւ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան տնտեսական եւ ընկերային հետևանքները։ Արք Անթուան Էրուար ընդգծեց, որ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համար նախատեսուած միջոցներու աւելցումը չկրնար օգուտ բերել դժուարութիւններուն մէջ ապրող կամ գիները բարձրացնող ու անենախոցելիներուն կենսապայմանները վատթարացնող ուժանիւթի ճգնաժամին։ Հետեւաբար խաղաղութեան որոնումը կը մնայ կարեւորագոյն նպատակ «խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ հաւասարակշռութիւնը հիմնարար է», ըսաւ Արքեպիսկոպոսը։
Գաղթականներուն հիւրընկալութիւնն ու ընդելզումը։
Հանդիպումի ընդթացքին շօշափուեցաւ նաեւ գաղթականներուն հարցը։ «Մէկ կողմէ Եւրոպան պէտք է ողջունէ գաղթականները՝ ժողովրդագրական անկումին հակազդելու համար, միւս կողմէ կ՝ընդգծուի որոշակի անկարողութիւն՝ ընդելուզելու համար սահմանները հասնող անձերը», ըսաւ Փուրթուկալցի եպիսկոպոս գերպ. Նունօ Պրաս Տա Սիլվա Մարթին ընդգծելով անձերուն արժանապատուութիւնը յարգելու եւ ընդունելու ու ընդելուզելու միջեւ հաւասարակշռութիւնը գտնելու կարեւորութիւնը, յարգելով Եւրոպայի քրիստոնէական արմատները։
Կրթութեան եւ հաւաքի փոխանցումը երիտասարդներու միջեւ
Յատուկէն քննարկուեցաւ ընտանիքի մէջ կրօնական կրթութեան եւ հաւատքի փոխանցումի նիւթը։ Գերպ. Քրոչիաթա շեշտեց հաւատքի ուղիին ուղեկցելու կարեւորութիւնը, յատկապէս այն ժամանակ, երբ քիչ մկրտութիւններ կ՝արձանագրուին, ինչպէս Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ։
Արհեստական բանակութիւնը Պապին ուշադրութեան կեդրոնը
«Լեւոն ԺԴ. Պապը մեծ ուշադրութիւն դարձուց արհեստական բանականութեան», եզրափակեց գերպ Քրոչիաթա աւելցնելով «նիւթ մը, որ կը ներառէ ապատեղեկատուութիւն, յարգանք՝ անձի արժանապատուութեան, անձնական կեանքի, ինքնութեան եւ ազատութեան նկատմամբ եւ հետեւանքներ ունին աշխատանքային մակարդակի վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ