Ուքրանիոյ համար կը պահանջենք զինադադար եւ բաւ է ռումբեր տեղան Կազայի վրայ. Կարդինալ Փարոլին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումին` հայող միջազգային մի քանի այժմէական տագնապներուն, ինչպէս Կազայի եւ Ուքրանիոյ պատերազմները, մինչեւ հաղորդակցութեան եւ արհեստական բանականութեան հետ կապուած մարտահրաւէրները, ապա ակնարկեց Լեւոն ԺԴ.-ի Քահանայապետութեան սկիզբին։ Հարցազրոյցը վարեց Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն Տիար Անտրէա Թոռնիելլին
Դադրեցնել պատերազմները
Հարցազրոյցի առաջին մասին մէջ զրուցակիցները անդրադարձան Կազայի կացութեան ու տագնապի մասին, զոր Կարդինալ Փարոլինը համարեց «անընդունելի», հաստատելով, որ «Միջազգային մարդկային իրաւունքը պէտք է կիրառուի միշտ ու բոլորի համար», ապա պահանջեց «ռմբակոծումներու անմիջական դադրեցումը», ինչպէս նաեւ «մարդասիրական օգնութիւններու երաշխաւորումը» ու միեւնոյն ժամանակ նշեց` որ «Համասը պէտք է ազատ արձակէ բոլոր պատանդները ու վերադարձնէ 7 հոկտեմբեր 2023-ի բարբարոսական յարձակումէն ետքը սպաննուած անձերուն դիակները»։
Կարիք կայ որ բանակցութիւնները սկսին
Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձաւ նաեւ մի քանի օրեր առաջ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանութեան երկու աշխատակիցներու սպանութեան լուրին, դատապարտելով հակասեմականութիւնը, ապա ակնարկեց Սուրբ Աթոռի տրամադրութեան Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ «հիւրընկալելու ցանկացած բանակցութիւններ՝ առաջարկելով չէզոք ու պաշտպանուած վայր մը» ընդգծելով սակայն թէ այս առաջարկը «միջնորդութեան առաջարկ մը չէ», որովհետեւ «միջնորդութիւնը պէտք է պահանջուի կողմերէն»։
Այժմ բանակցութիւններուն համար կը խօսուի նաեւ այլ վայրի մը մասին եւ ամենակարեւորը այն է, որ այս բացկացութիւնները սկսին, որովհետեւ «հրատապ է կեցնել պատերազմը» հաստատեց ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը, «հրատապ է հասնիլ կայուն, արդար ու մնայուն խաղաղութեան, որ ընդունուած ու համաձայնուած ըլլայ երկու կողմերէն» աւեցուց Ան։
Խաղաղութիւնն ու զինաթափումը
«Խաղաղութիւն» բառը հնչեց նոր Պապի շուրթերէն՝ Անոր ընտրութեան օրը, առաջին պահէն իսկ, նկատել տուաւ հարցազրոյցի ընթացքին Թոռնիելլին ու Կարդինալ Փարոլինը պատասխանեց թէ «այո Լեւոն ԺԴ. կը շարունակէ իր նախորդներու ուղին» եւ ճիշտ Վատիկանի Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն, ուր Ֆրանչիսկոս Պապը վերջին անգամ ըլլալով օրհնեց հաւատացեալները, խօսելով խաղաղութեան ու զինաթափումի մասին, Լեւոն ԺԴ. կրկնեց Պօղոս Զ քահանայապետին ՄԱԿ-ի մէջ արտասանած խօսքերը. «Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ», ըսաւ Փարոլինը հաստատելով, որ «Քահանայապետը եւ Սուրբ Աթոռը ներգրաւուած են կառուցելու համար խաղաղութիւնը ու խթանելու երկխօսութեան ու բանակցութեան որեւէ ձեռնարկ» եւ ասկէ մեկնելով ակնարկեց Լեւոն ԺԴ. Սիքստինեան մատրան մէջ Կարդինալներու մասնակցութեամբ մատուցած պատարագի ընթացքին քարոզի «քրիստոսակեդրոն» խօսքերուն, նշելով` որ «մենք պէտք է անհետանանք, որովհետեւ դերակատարը Քրիստոսն է...քրիստոնեաներս կոչուած ենք ըլլալու «թթխմոր», վկաները ըլլալու համար սիրոյ միութեան ու խաղաղութեան», յարեց Ան, կարեւորելով «դիւանագիտութեան» նախաձեռնութիւնները ի ծառայութիւն խաղաղութեան եւ եղբայրութեան»
Հաղորդակցութեան ոլորտը
Հարցազրոյցի նիւթերէն եղաւ նաեւ «հաղորդակցութիւնը» որուն մասին արտայայտուելով Կարդինալ Փարոլինը յիշեց Լեւոն ԺԴ. Պապին լրագրողներուն ու հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչներուն ուղղած խօսքերը, առաջարկելով միշտ որոնել ճշմարտութիւնը։ «Բառերը եւս կարող են դառնալ պատերազմի գործիքներ, եւ կամ կարող են օգնել երկխօսութեան, մենք մեզ ճանչնալով իրար եղբայրներ» նկատել տուաւ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը հաստատելով, որ «խաղաղութիւնը կը սկսի մեզմէ իւրաքանչիւրէս, ու բոլորս կանչուած ենք զայն կառուցելու, սկսեալ մեր ուրիշներուն հետ հաղորդակցութեան ձեւէն»։
Հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ մնալով Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձաւ նաեւ Պապընտիր Դռնփակ Կարդինալական ժողովի ընթացքին Եկեղեցւոյ մէջ չարաշահումներու մասին հաղորդամիջոցներու մէջ տարածուած մեղադրական տարաձայնութիւններուն, հայող մի քանի կարդինալներու պատասխանատուութիւններուն, նշելով` որ կատարուած ստուգումները բացառեցին այդ խախտումները։
Թուային յեղափոխութիւնը և արհեստական բանականութեան մարտահրաւէրները
Թոռնիելլիի Կարդինալ Փարոլինին ուղղած վերջին հարցումը կը վերաբերէր այսօր ապրուած թուային յեղափոխութեան և արհեստական բանականութեան ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն, որոնց մասին արտայայտուելով Կարդինալ Փարոլինը հաստատեց` որ «Վատիկանը մտադիր չէ ո՛չ անկաշկանդ ընդունիլ, ո՛չ ալ սատանայական համարել արհեստագիտութիւնը», այս ծիրէն ներս շեշտելով թէ «հիմնարար որոշումները պէտք չէ վստահուին մեքենաներուն» ու դատապարտելով արհեստական բանականութեան աղաւաղուած օգտագործումը քարոզչութեան կամ չարաշահումի նպատակներով։
Լևոն ԺԴ.-ը, յիշելով բանտարկուած լրագրողները, խօսեցաւ «քաջութեան մասին անոնց, որոնք կը պաշտպանեն արժանապատուութիւնը, արդարութիւնը և ժողովուրդներու տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքը, քանի որ միայն տեղեկացուած ժողովուրդները կարող են ազատ ընտրութիւն կատարել» ըսաւ ի վերջոյ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ