MAP

Ուքրանիա, պատերազմ Ուքրանիա, պատերազմ 

Գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի եւ Սէրկէյ Լաւրովի միջեւ հեռախօսազրոյց

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին եւ Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար, Տիար Սէրկէյ Լավւորի միջեւ հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, ուրբաթ, 4 ապրիլին հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ այսօր տեղի ունեցաւ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին եւ Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար, Տիար Սէրկէյ Լաւրովի միջեւ հեռախօսազրոյց։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երկխօսութիւնը նուիրուեցաւ համաշխարհային քաղաքականութեան ընդհանուր պատկերին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի իրավիճակին եւ պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու ուղղուած որոշ նախաձեռնութիւններուն։
Վերյիշուեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու իր մարդասիրական յանձնառութիւնը գերիներուն փոխանակման հետ կապուած հարցերուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2025, 13:52