Վերիրական իրականութեան առկայութեան նշանը ժամանակի մէջ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Կիրակի առաւօտեան՝6 Ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապի «անակնկալ ներկայութիւնը մեզի կ’ըսէ, որ, (...) նոյնիսկ երբ հանգամանքները երբեմն կարող են պարտադրել վերիրական (վիրթուալ) մօտեցում՝ բուժման, համավարակի հետեւանքով արգելափակման կամ ճամբորդելու անկարողութեան պատճառաւ, դէմ առ դէմ հանդիպումն կը մնայ անփոխարինելի»։ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական Կազմի Ընդհանուր Տնօրէն Անտրէա Թորնիելլիին այսօրուայ խմբագրականը նուիրուած է Ֆրանչիսկոս Պապի՝ Հիւանդներու ու Առողջապահական Գործիչներու Յոբելենական Սուրբ Պատարագի աւարտին անսպասելի ներկայութեան։
Ներկայութիւն, որ «խոր իմաստներ պարունակող պատգամ մըն է» եւ, որուն շուրջ Թորնիելլիի խորհրդածութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ․
Վերիրականը չի կարող փոխարինել ուղիղ շփումներուն
Վերիրական իրականութեան դարաշրջանին ֆիզիկական ներկայութիւնը հիմնարար նշանակութիւն կը ստանայ: Անձամբ ներկայ ըլլալը, ճամփորդութեան ու դժուարութիւններուն դիմակայելը կը ծառայեն ուրիշներու հետ իսկապէս շփուելու եւ՝ որպէս ուխտաւորներու համայնքի մաս այդ փորձառութիւնն ապրելու համար: Պապն իր ժեստով ընդգծեց, որ ոչինչ չէ կարող փոխարինել ուղիղ հանդիպումները։
Հիւանդներուն նուիրուած Յոբելեանին մասնակցելու Ֆրանչիսկոսի ընտրութիւնը
Նշանակալից է Ֆրանչիսկոսի ընտրութիւնը՝ մասնակցելու Հիւանդներուն նուիրուած Յոբելեանին։ «Փխրուն փխրուններու մէջ, որ չի հրաժարեցաւ ապրիլ իր Յոբելեանը՝ խոստովանելով Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայէն ներս եւ անցնելով Սուրբ Դուռի տակէն պարզ ուխտաւորի մը նման։ Դուռ, որ Ան բացած էր որպէս Քահանայապետ Սուրբ Ծննդեան գիշերը, որուն տակէն երէկ անցաւ որպէս հասարակ ուխտաւոր, որ տակաւին կը տառապի թոքաբորբի հետեւանքներէն»։
Ֆրանչիսկոսի անակնկալը կ’ընդգծէ Հովիւի եւ իր հօտի միջեւ յարաբերութիւնը
«Սրբազան Պապի անակնկալը կիրակի առաւօտեան կ’ընդգծէ Հովիւի եւ իր հօտի միջեւ յարաբերութիւնը: Չնայած ոչ լիարժէք ապաքինման եւ բժիշկներու նախազգուշացումներուն, Ֆրանչիսկոս՝ գիտակցելով իր առողջութեան սպառնացող վտանգները, նախընտրեց հանդիպիլ մարդոց: «Սէրը կարիք ունի առարկայականութեան, սէրը կարիք ունի ներկայութեան, հանդիպումի, կարիք ունի ժամանակի եւ տարածութեան նուիրումի. զայն չի կարելի սահմանափակել գեղեցիկ բառերով, պաստառի վրայ պատկերներով...»: ըսած էր Պապը ընդամէնը մէկ տարի առաջ»։ Եւ այդ մէկը կը վերաբերի նաեւ Անոր սիրոյն Աստուծոյ ժողովրդի նկատմամբ, որուն հետ միշտ խօսած է ոչ միայն բառերով, այլեւ ժեսթերով ու քնքշանքով»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ