MAP

_SIM7231.jpg

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին յայտարարութիւնը, ցաւակցական պատգամներ

Իտալիոյ բոլոր Եկեղեցիներէն կը խնդրեմ որ եկեղեցիներու զանգակները հնչեցնեն ի նշան սուգի ու կազմակերպուին անձնական ու հասարակական աղօթքներու պահեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս պահը համայն Եկեղեցւոյ համար ցաւի ու մեծ տառապանքի պահ մըն է։ Տիրոջ ողջագուրումին կը յանձնենք մեր սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապը այն վստահութեամբ, որ ինչպէս նոյնինքն ինք մեզի սորվեցուց, «ամէն բան կը բացայայտուի ողորմութեամբ մէջ, ամէն բան կը լուծուի Հօր ողորմած սիրոյ մէջ»

Իտալիոյ բոլոր Եկեղեցիներէն կը խնդրեմ որ եկեղեցիներու զանգակները հնչեցնեն ի նշան սուգի ու կազմակերպուին անձնական ու հասարակական աղօթքներու պահեր, մեր միջեւ ու տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ»։

 Այս եղաւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփիին յայտարարութիւնը ի լուր անոր մահուան անակնկալ լուրին։

 

Այս ժամերուն կը շարունակուին Վատիկան հասնիլ աշխարհի տարբեր վայրերէն ցաւակցական հեռագիրներ, որոնց շարքին տարբեր երկիրներու նախագահներուն պատգամը, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, հաւատացեալներու ու նաւ ոչ հաւատացեալներու եւ իսլամական աշխարհի ներկայացուցիչներու ցաւակցութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2025, 10:58