MAP

2025.01.12 Cappella Sistina - Santa Messa con Battesimi

Սիքստինեան Մատուռը կը փակուի առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ Քոնքլավին (Պապընտիր Ժողով)

Սիքստինեան Մատուռէն բացի` Քոնքլավի ընթացքին փակ կը մնան նաեւ անոր կից գտնուող «Borgia» բնակարանը եւ «կրօնական արդի արուեստի» սրահները, մինչեւ նոր քահանայապետի ընտրութիւնը։ Այս 26րդ անգամն է` որ Սիքստինեան Մատուրը պիտի դառնայ Քահանայապետի մը ընտրութեան վայրն ու վկան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ Քոնքլավին, երկուշաբթի  28 ապրիլէն սկսեալ, Վատիկանի Թանգարանի մէջ գտնուող աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատուռի դռները կը փակուին եւ զբօսաշրջիկները այլեւս կարելիութիւնը չեն ունենար զայն այցելելու։ Արդարեւ այդ վայրին մէջ է որ տեղի պիտի ունենայ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը, կարդինալներու դռնփակ ժողովով։ 

Սիքստինեան մատուռը պապընտիր ժողովի մը համար առաջին անգամ օգտագործուեցաւ Սիքստոս Դ Պապի մահէն ետքը 1484-ին։

Ան կառուցուած է 1473 – 1481 թուականներուն եւ կը կրէ այդ ժամանակուայ Քահանայապետին անունը։ Քառասուն մեթր երկայնքով, 13 մեթր լայնութեամբ ու 21 մեթր բարձրութեամբ այս մատրան մէջ պահպանուած է վերածնունդի դարաշրջանի հռչակաւոր արուեստագէտ Միքելանճելոյի գլուխ գործոցը։  

Արդարեւ Յուլիոս Բ Քահանայապետը 1508 թուականին Միքելանճելոյին յանձնած էր Մատրան կամարներու զարդարումը, որ տեւած 4 տարի։ Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ նկարիչը կամարները նկարազարդելու համար միայնակ աշխատած է ու որոշ ժամանակ անց խոնաւութեան պատճառով վնասուած ըլլալուն համար ստիպուած եղած է վերստին իրականացնել աշխատանքը։ Քսան տարի ետք դարձեալ Միքելանճելոյին յանձնուեցաւ մատրան Խորանի ետեւի պատին վրայ գծագրել «Վերջին Դատաստանը» որուն աշխատանքները աւարտեցան 1541 թուականին։ 

Սիքստինեան Մատուռէն բացի` Քոնքլավի ընթացքին փակ կը մնան նաեւ անոր կից գտնուող «Borgia» բնակարանը եւ «կրօնական արդի արուեստի» սրահները, մինչեւ նոր քահանայապետի ընտրութիւնը։

Այս 26րդ անգամն է` որ Սիքստինենան Մատուռը պիտի դառնայ Քահանայապետի մը ընտրութեան վայրն ու վկան։

Յայտնենք որ միմիայն 1996 -ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ''Universi Dominci Gregis'' առաքելական սահմանադրութեամբ է որ Սիքստինեան Մատուռը դարձաւ «Քոնքլավի» պաշտօնական վայր եւ հոն է` որ մի քանի օրէն  Պապ ընտրող իրաւունքով 130է աւելի կարդինալները, ''extra omnes'' - Բոլորդ Դուրս - ի, արտասանութենէն ետք պիտի  «փակուին», ընտրելու համար Սուրբ Պետրոսի 267-րդ յաջորդը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2025, 11:51