MAP

Վարդարանի աղօթք Վարդարանի աղօթք  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Կարդինալ Կամպեթթի «Ֆրանչիսկոս Պապին վերադարձը թող յոյսի նշան ըլլայ բոլոր անոնց համար որոնք կը տառապին»

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթք Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար, որ այսօր առաւօտեան ելաւ Ճեմմելի հիւանդանոցէն ոբւ վերադարձաւ Վատիկան Սանթա Մարթա անուան տունը։ Վարդարանի աղօթքը գլխաւորեց Վատիկանի տաճարին աւագերէց Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մեծ ուրախութիւն կը զգանք, Ֆրանչիսկոս Պապին համար, որ տուն վերադարձաւ եւ կը փափաքինք գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, Տիրամօր հետ մասին։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր անգամ եւս հոս հաւաքուած ենք աղօթքի մէջ՝ միացած սիրտով եւ հոգիով մեր շատ սիրելի Սրբազան Հօր, Ֆրանչիսկոս Պապին համար, որուն  եկեղեցին մեծ վստահութեամբ սպասեց հիւանդութեան այս ժամանակահատուածին։ Թող որ իր տունը՝ Վատիկան վերադառնալը, յոյսի նշան ըլլայ բոլորին համար որոնք այս պահուն քաջութեամբ եւ վստահութեամբ կը դիմակայեն դժուար ժամեր։»։ Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին, Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար գլխաւորած վարդարանի ջերմերանական աղօթքին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան ծիրանաւորներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ։

Յիշենք որ ամէն օր, 24 փետրուարէն սկսեալ, տեղի ունեցաւ վարդարանի աղօթք սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Քահանայապետին առողջութեան շնորհքը ստանալու համար։ Կիրակի 23 մարտին, Վարդարանի աղօթքը նուիրուեցաւ Քահանայապետին տուն վերադարձին. «Մեր աղօթքը զոր ընկերացաւ այս դժուար ամսոյն կը շարունակուի եւ կը դառնայ աղաչանք Աստուծոյ, որպէսզի օգնէ քահանայապետին ամբողջական ապաքինումին համար տալով Անոր ուժ եւ առողջութիւն՝ Աստուծոյ ժողովուրդը սէրով եւ իմաստութեամբ առաջնորդել կարենալու համար», ըսաւ կարդինալ Կամպեթթին, հրաւիրելով հաւատացեալները խոկալու Վարդարանի խորհուրդներուն մասին հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսի շարունակ ողորմութեամբ աջակցի Պապին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2025, 10:53