MAP

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ նախագահ Զելենսքի Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ նախագահ Զելենսքի 

Զելենսքի եւ Փարոլին հեռախօսազրոյց. Ապաքինման լաւագոյն մաղթանքներ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ խաղաղութեան համար օգնութեան խնդրանք

«Իքս»ի վրայ Ուքրանիոյ նախագահը գրած է, որ խօսած է Վատիկանի Պետքարտուղարին հետ « Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի Անոր մեր ժողովուրդին ուղղած իր աղօթքներուն եւ բարոյական աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Ռուսիայէն տեղահանուած Ուքրանացի երեխաներու վերադարձը դիւրացնելու կատարած ջանքերուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուքրանիոյ նախագահ, Վլատիմիր Զէլիսնքի երեկ՝ 14 մարտին հեռաձայնային կապ պահեց Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, շուտափոյթ ամոքում մաղթելու ու շնորհակալութիւն յայտնելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին, Ուքրանիայի բարոյական աջակցութեան համար, մասնաւորապէս Ռուսիոյ մէջ տեղահանուած Ուքրանացի անչափահասներուն վերադարձի աշխատանքը դիւրացնելու համար։

Նախագահ Զելենքին Կարդինալ Փարոլինին տեղեկացուց Սուրբ Աթոռի կողմէ Ռուսիոյ մէջ կալանաւորուած Ուքրանացիներուն ցանկը ստանալուն մասին, խնդրելով աջակցութիւն՝ անոնց ազատ արձակման համար։ Ուքրանիոյ նախագահը ընդգծեց որ բանտարկեալներուն փոխանակումը եւ 30 օրեայ զինադադարը կարեւոր քայլեր են դէպի կայուն խաղաղութիւն, շեշտելով որ Ուքրանիան աւելի շատ խաղաղութիւն կը փափաքի քան ուրիշ մէկը։

Նշենք թէ Նախագահ Զէլէսնքին արդեն նախապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրբ Աթոռին, տեղահանուած անչափահասներուն եւ բանտարկեալները ազատ արձակելու համար կատարած միջամտութեան համար։ Նախագահը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնած Կարդինալ Մաթթէօ Զուփփի կատարած առաքելութեան համար, զոր աշխատեցաւ հակամարտութեան լարուածութիւնը թուլացնելու, բանտարկեալներուն փոխանակումի եւ անչափահասներուն հայրենադարձութեան մեքանիզմ ստեղծելու համար։

Յիշենք թէ Մոնթրէալի մէջ գումարուած խաղաղութեան նուիրուած համագումարի մը ընթացքին այլ պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղարը հաստատած է այդ նախաձեռնութիւններուն կարեւորութիւնը եւ ինչպէս նաեւ Պապական նուիրակներուն դերակատարութիւնը մարդասիրական աջակցութիւն եւ երկխօսութիւնը դիւրացնելու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2025, 09:56