MAP

Վատիկան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակ Վատիկան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակ 

Ուքրանիա, Սուրբ Աթոռ. Խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է կողմերու միջեւ անկեղծ երկխօսութիւն՝ առանց նախապայմաններու

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ՝ որուն մէջ կը յիշուի անցեալ 14 մարտին, Նախագահ Զելենսքիին եւ Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթօր Փարոլինի միջեւ հեռախօսազրոյցը կը վերանորոգուի Արեւելեան Եւրոպայի երկրի մէջ խաղաղութեան համար աղօթքի հրաւէրը, երկու կողմերու միջեւ երկխօսութեան քաջալերանքն ու հրաւէրը ամէն բան կատարելու բանտարկեալներու ազատ արձակման համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կողմերու միջեւ «անկեղծ երկխօսութիւն»՝ առանց ենթարկուելու «ոչ մէկ տեսակի նախապայմաններու», նպատակաուղղուած «արդար եւ տեւական խաղաղութեան»։ Սա այն մաղթանքն է, որ Սուրբ Աթոռը արտայայտեց Ուքրանիոյ համար, մինչ բանակցութիւններ կը կատարուին արեւելեան Եւրոպային 30 օրեայ հրադադարի համաձայնագիրի շուրջը։

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ կը յիշուի անցեալ ուրբաթ օր մարտ 14-ին, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի եւ Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հեռախօսազրոյցը։ Նախագահ Զելենսքի ինք է որ հեռախօսազրոյցի լուրը հրապարակեց Իր Իքս էջին վրայ, «մաղթելով Ֆրանչիսկոս Պապին շուտափոյթ ապաքինում ու տեղեկացնելով ԱՄՆ-ի առաջարկած հրադադարի ծրագիրի մասին, որուն Ուքրանիան միացած է»։

Հրադադարի լուրի վերաբերեալ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ սուրբ Աթոռը կը վերանորոգէ աղօթքի հրաւէրը Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար ու յոյսով է որ ներգրաւուող երկու կողմերը կ՝օգտագործեն առիթը անկեղծ երկխօսութեան համար, առանց ենթարկուելու որեւէ տեսակի նախապայմաններուն՝ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար։ «Միաժամանակ Սուրբ Աթոռը կը խրախուսէ ամէն բան կատարել բանտարկեալներուն ազատ արձակման համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2025, 14:49