«Rearm Europe» կամ «Peace for Europe» Անտրէա Թոռնիելլիի խմբագրականը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան ընդհանուր խմբագիր տնօրէն Տիար Անտրէա Թոռնիելլի` հինգշաբթի 7 Մարտին հրատարակած խմբագրականին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարեց Եւրոպայի մէջ տիրող իրավիճակին ու յատկապէս եւրոմիութեան կողմէ առաջարկուած «Rearm Europe» ծրագրին, «որ կը նախատեսէ 800 միլիարդ եւրոյի ներդրում սպառազինութեան մէջ» եւ որ ըստ Թոռնիելլիին «հարցեր կը յառաջացնէ այս ընտրութեան իրական իմաստի մասին՝ աճող աշխարհաքաղաքական լարուածութեան շրջագիծէն ներս»։
Ֆրանչիսկոս Պապը տարբեր առիթներով, զգուշացուց վերազինութեան վտանգէն, ընդգծելով, որ «զինուորական ծախսերու աւելացումը խաղաղութիւն չերաշխաւորեր, այլ ընդհակառակը վախ եւ պայքար կը հրահրէ։ «Անոր քննադատութիւնը կը հիմնուի այն գաղափարին վրայ, որ խաղաղութիւնը պէտք է կառուցուի երկխօսութեան եւ հասկացողութեան վրայ եւ ոչ թէ սպառազինութիւններու մրցավազքին վրայ» կը գրէ ի միջի այլոց Թոռնիելլին։
Վերջին տարիներուն Եւրոպան, ցոյց տուաւ դիւանագիտական սահմանափակ կարողութիւններ, սահմանուելով յատկապէս զէնք մատակարարելու Ուքրանիոյ, եւ անտեսեց խաղաղութեան ի սպաս ձեռնարկները։ Այս դիւանագիտական ստեղծագործութեան պակասը կը ցոլայ նաեւ վերազինութեան մակարդակի վրայ, որ կը թուայ համապատասխանել վախի տրամաբանութեան քան թէ կայունութեան և բարգաւաճման երկարաժամկէտ տեսլականի մը։
Կը շարունակուին ներդրումներ կատարել սպառազինութեան մէջ, փոխանակ բռնութեան և աղքատութեան հիմնական պատճառներուն դէմ պայքարելու ծրագիրներու մէջ:
Սրբազան Պապը առաջարկած էր թէ փոխան սպառազինութեան պէտք է ձգտիլ «Համաշխարհային Հիմնադրամի» մ,ը պայքարելու համար անօթութեան դէմ ու խթանելու համապարփակ զարգացում։ Ան արդարեւ հրաւիրած է աշխարհի Ղեկավարները վերագտնելու խաղաղութեան հոգին, որ բնութագրեց Բ Համաշխարհային Պատերազմէն ետքը եկող տասնեակ տարիները, շեշտը դնելով բանակցութիւններու կարեւորութեան վրայ, լուծելու համար հակամարտութիւնները։
Այս շրջագիծէն ներս է, որ կը յառաջանայ հարցումը` եթէ արդեօք իրականին մէջ «Եւրոպան Վերազինել» հետապնդուած ծրագիրը պէտք չէ դառնայ «Խաղաղութիւն Եւրոպայի համար» ։
Այս ծիրէն ներս Կարդինալ Փարոլինը եւս շեշտեց հակամարտող կողմերու միջեւ փոխզիջման անհրաժեշտութիւնը, ընդգծելով, որ առանց իսկական երկխօսութեան, խաղաղութիւնը չի կրնար մնայուն ըլլալ։
Եւրոպայի իսկական մարտահրաւէրը ուստի կարող է ըլլալ հրաժարիլ վերազինուելու ծրագիրէն ու ողջագուրել աւելի համարձակ եւ անհրաժեշտ ծրագիր մը «Խաղաղութիւն Եւրոպայի համար»։
«Պատերազմը միշտ աւելիով անհեթեթ է կ՜ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ խաղաղ պատասխանի մը հրատապութիւնը այժմ աւելի քան երբեք ակնյայտ է» կը հաստատէ Թոռնիելլին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ