MAP

Աշակերտներ, Աֆկանիստան Աշակերտներ, Աֆկանիստան  (ANSA)

Սուրբ Աթոռ. Արժանապատուութիւնը եւ հաւասար հնարաւորութիւնները սեռային իրական հաւասարութեան բանալիները

Մարտ 13ին, ելոյթ ունենալով, ՄԱԿ-ի կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ տարեկան նստաշրջանին, փրոֆ Կապրիէլլա Կամպինօ՝ աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի համար վերատեսչութեան քարտուղարի տեղակալը, ընդգծեց մշակութային փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, որ կ՝աջակցի կանանց՝ «ընտանեկան կեանքը», «աշխատանքային պարտականութիւններուն հետ հաշտեցնելու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի համար վերատեսչութեան ենթաքարտուղար, Փրոֆ Կապիէլլա Կամպինօ, վերջերս ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ տարեկան նստաշրջանին, ընդգծեց կանանց համար հաւասար հնարաւորութիւններուն խթանման կարեւորութիւնը ու շեշտեց մշակութային փոփոխութիւններուն անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս մայրութեան ծիրէն ներս, որպէսզի մայրերը կարենան համատեղել ընտանեկան կեանքը աշխատանքային պարտականութիւններուն հետ։

Աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի համար վերատեսչութեան ենթաքարտուղարը, ուշադրութիւն հրաւիրեց իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան ճանաչումին վրայ, հայեցակարգ մը, զոր կը պաշտպանէ Ֆրանչիսկոս Պապը «Fratelli tutti» շրջաբերականին մէջ, սկզբունք մը, ըստ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչին հիմնարար է մարդու իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար։ Փրոֆ Կապիէլլա Կամպինօ իր ելոյթին մէջ կարեւոր քայլ համարեց աղքատութեան վերացումը՝ կանանց համար հաւասար հնարաւորութիւններ ապահովուելու համար, ընդգծելով որ աղքատութիւնը մեծապէս կ՝ազդէ իգական սեռին վրայ ու կը խաթարէ զարգացումն ու ընկերային խաղաղութիւնը։

Ի վերջոյ Կապրիէլլա Կամպինօ եզրափակեց իր ելոյթը, յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, որուն համաձայն, եթէ կանայք ունենային հնարաւորութիւններուն լիակատար հաւասարութիւն, անոնք պիտի կարենային էապէս նպաստել խաղաղութեամբ, ներառականութեամբ, համերաշխութեամբ եւ կայունութեամբ բնութագրուած աշխարհին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2025, 11:37