MAP

Ուքրանիա, պատերազմ, զէնք Ուքրանիա, պատերազմ, զէնք  (AFP or licensors)

Սուրբ Աթոռ. Նպաստել խաղաղութեան եւ ոչ ռազմական գործողութիւններու

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ, գերպ Կապրիէլէ Քաչիա մտահոգութիւն յայտնեց Միջուկային զէնքի արգիլման մասին պայմանագիրի մասնակից պետութիւններուն հանդիպումին ժամանակ, միջուկային զէնքերուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Արք Կապրիէլէ Քաչիա՝ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդը կոչ ուղղեց Նիւ Եորքի մէջ միջուկային զէնքի արգիլման մասին պայմանագիրի (TPNW) մասնակից պետութիւններուն երրորդ հանդիպումին ժամանակ՝ ընդգծելով համաշխարհային առաջնահերթութիւններու վերականգման կարեւորութիւնը։

Գերպ Կալլակեր ապա ընդգծեց խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համակարգերու մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որ հիմնուած է եղբայրութեան վրայ եւ ոչ թէ ռազմական երեւոյթը զօրացնելու վրայ, անհրաժեշտ նկատելով նաեւ միջազգային ընտանիքին պատասխանատուութիւնը՝ ապահովուելու համար ապագայ սերունդի անվտանգ ապագան։

Հերոշիմայի եւ Նակասաքի ռմբակոծութիւններուն 80 ամեակի կապակցութեամբ, արք Կալլակեր յիշեց զանգուածային ոչնչացման զէնքի տեւական հետեւանքները, որոնք մեծ տառապանքներ, հոգեբանական, մշակութային, բնապահպանական վնասներ պատճառեցին ու մտահոգիչ անուանեց համաշխարհային հակամարտութիւններու եւ բաժանումներու աճը, դատապարտելով անվստահութեան աճող զգացումը, որ կը խաթարէ զինաթափման ճարտարապետութիւնը, որոնք կ՝աճեցնեն ռազմական ծախսերը։

Արք Քաչիա քննադատեց Պետութիւններուն առաջնահերթութիւններուն փոփոխութիւնը, որոնք միջոցները ուղղորդած են սպառազինութիւններու կուտակման եւ ոչ թէ աշխարհային մարտահրաւէրներուն, ինչպէս աղքատութիւնը եւ սովը։ Յորդորեց ներդրումներ կատարել անվտանգութեան, մարդկային համապարփակ զարգացման եւ խաղաղութեան մէջ, ընդգծելով միայն կայուն եւ մշտական խաղաղութեան ստեղծումը՝ հիմնուած եղբայրութեան վրայ։

Արք Կալլակեր ընդգծեց միջուկային զէնքի վերացումը ապահովուելու համար ստուգումներուն կարեւորութիւնը եւ գնահատեց միջուկային զէնքերուն ազդեցութիւնը հասկնալու գիտական առաջընթացը։ Ան իր ելոյթը աւարտեց յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին այն խօսքը, ուր կը յորդորէ վառ պահելու Հիպաքուշային յիշատակը, որպէսզի նոր սերունդները չմոռնան անցեալի վայրագութիւնները եւ կարողանան կառուցել աւելի արդար եւ եղբայրական ապագայ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2025, 09:00