MAP

Արխիէն նկար Արխիէն նկար  (Vatican Media)

9 մարտին կը սկսի Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը, Նորին Սրբութեան հետ հաղորդութեան մէջ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր Կրթութեան վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով նոր հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ Քառասնորդաց շրջանի, Հռոմի Քուրիայի այս տարուան հոգեւոր կրթութիւն սկիզբ պիտի առնէ 9 մարտին եւ վերջ պիտի գտնէ 14 մարտին։

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ 9 մարտին, Քառասնորդացի առաջին կիրակի, Նորին Սրբութեան հաղորդութեան մէջ կը սկսի Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութիւնը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։ Հոգեւոր կրթութեան մտածականները պիտի կատարէ Քահանայապետական տան քարոզիչ, հայր Ռոպէրթօ Փազոլինին, «յաւիտենական կեանքի յոյսը» թեմայով։ Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութիւնը  տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ օրակարգով։

Կիրակի 9 մարտին, յետմիջօրէին ժամը հինգին, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամասացութիւն։ Երկուշաբթի, 10 մարտէն մինչեւ հինգշաբթի 13 մարտ, առաւօտեան ժամը 9ին պիտի կատարուի առաւօտեան ժամասացութիւն եւ յետմիջօրէին երեկոյեան ժամերգութիւնը։ Ուրբաթ 14 մարտին, հոգեւոր կրթութեան վերջին օրը, առաւօտեան 9 ին կէսօրուան ժամերգութիւն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութիւնը աւարտած է նշելով որ Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութեան մասնակցելու հրաւիրուած են կարդինալները, արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, Եկեղեցականներու եւ աշխարականներուն քահանայապետական ընտանիքի անդամները, Վատիկանի կառավարութեան եւ Հռոմի Քուրիայի պաշտօնեաները։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2025, 12:24