Հայր Փազոլինի. Մենք դրախտի քաղաքացիներ ենք, կ՝ապրինք Աստուծոյ համար եւ սահմանուած ենք յաւիտենական կեանքի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր՝ ուրբաթ, 14 մարտին, վերջ գտաւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հոգեւոր կրթութիւնը, զոր տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հաղորդութեան մէջ։ 9 մարտին սկիզբ առած «Յաւիտենական կեանքի յոյսը» վերնագիրով Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչը եղաւ Քահանայապետական տան քարոզիչ, հայր Ռոպերթօ Փազոլինին։
Հոգեւոր կրթութեան վերջին օրը, հայր Փազոլինի իր արտասանած քարոզը կեդրոնացուց «Թոյլ տանք վերափոխուելու» նիւթին վրայ նշելով, թէ կեանքը՝ իր գեղեցկութիւններով եւ դժուարութիւններով կը բարձրացնէ մեր գոյութեան իմաստը աշխարհի մը մէջ, որ սահմանուած է վերջ գտնելու։ Առանց յաւիտենականութեան, յոյսի իրականութեան ծանրութիւնը կարող է մեզ տանիլ դէպի յուսալքում։ Սուրբ Պօղոս մեզի կը հրաւիրէ նայելու դէպի անտեսանելին եւ յաւիտենական բաներուն։ Թէեւ՝ մարդկութիւնը ֆիզիկական անկում կ՝ապրի, կայ ամենօրեայ ներքին վերանորոգում։ Աստուած մեզ ստեղծեց Յարութեան համար, լիութեան խոստում, որ անդին կ՝երթայ մեր գոյութենէն։
Քրիստոսի Յարութեան եւ խաչին խորհուրդին մէջ,Աստուած արտայայտեց իր սէրը բացայայտելով, որ կեանքը որդեգրումի եւ փրկութեան ծրագիրի մաս կը կազմէ։ Կեանքի փորձառութիւնները՝ թէ՛ ուրախութիւնները, թէ՛ տխրութիւնները կը նպաստեն շարունակական վերափոխումին, որ նման է այն սերմին, որ մեռնելով նոր կեանք կը ստեղծէ ։ Այս փոխակերպումը կը սկսի՝ հիմա մասնաւորապէս Սուրբ Պատարագով, ուր մեր կեանքը կը մատուցենք Աստուծոյ եւ Քրիստոսը կ՝ընդունիք։ Իւրաքանչիւր Սուրբ պատարագ մեզ Քրիստոսին կը միացնէ եւ կը դարձնէ յաւիտենական կեանքի մասնակից։
Նոյնիսկ՝ եթէ չենք ճանչնար մեր ապագան, կրնանք վստահ ըլլալ, որ այն ինչ որ պիտի ըլլանք արդեն առկայ է մեր ներսը։ Մեզի սահմանուած է ոչ թէ ոչնչութիւն, այլ յոյսի ապագայի համար, Աստուած ունենալով մեր կեանքի բեմավարը։ Մենք սիրուած զաւակներ ենք, դրախտի քաղաքացիներ ենք, որ կ՝ապրինք Աստուծոյ համար եւ սահմանուած յաւիտենական կեանքի, ըսաւ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի իր քարոզին մէջ։ Ան ապա հոգեւոր կրթութիւնը աւարտեց յայտնելով իր երախտագիտութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին, որ ֆիզիքապապէս ներկայ չէր, շնորհակալթութիւն յայտնեց Վատիկանի Քուրիայի անդամներուն ու բոլոր անոնք որոնք նպաստեցին հոգեւոր կրթութեան յաջողութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ