MAP

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը  (AFP or licensors)

Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատը վաւերացուց Սուրբ Աթոռի հետ իրաւական Համաձայնագիրը

Չեխիոյ եպիսկոպոսաց դասը ողջունեց վաւերացումը, ընդգծելով որ համաձայնագիրը կը պաշտպանէ քաղաքացիները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատը վաւերացուց Սուրբ Աթոռի հետ իրաւական Համաձայնագիրը, որ կ՝երաշխաւորէ կրօնի ազատութիւնն ու խիղճի նկատառումներով զինուորական ծառայութիւնէն հրաժարելու իրաւունքը եւ կը ճանչնայ կաթողիկէ ամուսնութիւններուն օրինականութիւնը։

Չեխիոյ եպիսկոպոսներուն դասը ողջունեց վաւերացումը՝ ընդգծելով որ համաձայնագիրը կը պաշտպանէ քաղաքացիներու իրաւունքը եւ ոչ միայն եկեղեցւոյ իրաւունքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2025, 13:24