Սուրբ Տարուայ ուխտագնացութիւնները կը շարունակուին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յոբելենական Յոյսի տարուան առիթով Սուրբ Տարուայ ուխտագնացութիւնները կը շարունակուին եւ հակառակ որ Սրբազան Քահանայապետը կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ ու չեղեալ նկատուեցաւ այսօր` մէկ Մարտին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած Յոբելենական ընդհանուր ունկնդրութիւնը, չընդհատուեցաւ ուխտաւորներուն հոսքը դէպի Հռոմ, դէպի Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի Սուրբ Դուռը։
Այս օրերու ուխտաւորներու շարքին են Հռոմի Թեմի չորս հատուածներէն, երկրորդ հատուածի ժողովրդապետութիւնները։ Հռոմի թեմը ունի 332 ժողովրդապետութիւն, որոնք կը գտնուին Իտալիոյ հողատարածքին վրայ ապա երկու ժողովրդապետութիւններ որոնք մաս կը կազմեն Վատիկան Քաղաքին։ Իտալական ժողովրդապետութիւնները բաժնուած են չորս հատուածներու որոնցմէ իւրաքանչիւրին գլուխը կայ մէկ օգնական եպիսկոպոս։
Բացի Հռոմի թեմի ուխտաւորներուն Հռոմ ժամանած են նաեւ Իտալիոյ այլ քաղաքներէն ուխտաւորներ ինչպէս Աոսթա, Մասսա Մարիթթիմա- Փիոմպինօ, Մաչերաթայի երկրաչափերու մասնագիտական կարգի անդամները։
Կան ապա Հռոմի Ակոսթինօ Ճեմելլի բազմաբուժարանի հիմնարկի անդամները, Հիւանդանոցը ուր Նորին Սրբութիւնը կը ստանայ դարմանումներ, հուսկ Հռոմի Մեքսիքական Քահանայապետական Վարժարանի ընտանիքը։
Լիթուանիայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը եւս կազմակերպած է չորսօրեայ ուխտագնացութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիթուանիայի եօթը Թեմերէն երկու հազարէ աւելի հաւատացեալներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ