Կարդինալ Փարոլինը ընդունեց Լիթուայի նախագահը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Այսօր` 3 Մարտի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար` Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի, ունկնդրութիւն շնորհեց Լիթուայի նախագահ Ճիթանաս Նաուսետային, որ կը մասնակցի ազգային յոբելենական ուխտագնացութեան։
Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած խօսակցութիւններու ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ արդիւնաւէտ երկկողմ յարաբերութիւններուն համար, շեշտը դնելով քրիստոնէական հաւատքի լիթուայական հասարակութեան մէջ դրական ներդրումին վրայ։ Ուշադրութեան կենտրոն հանդիսացան ապա տարածաշրջանային և միջազգային խնդիրներ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Ուքրանիայի մէջ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ