Կարդինալ Փարոլին. Չկայ այլեւս մարդասիրական իրաւունքի յարգանք, գտէ՛ք երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ուղիներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետքարտուղարը, Հռոմի «Augustinianum»- անուան դահլիճին մէջ մտահոգութիւն յայտնեց միջազգային իրաւունքի խախտումներու վերաբերեալ, մասնաւորապէս Կազայի հատուածէն ներս վերջին մարտերուն առնչութեամբ։ Վատիկանի երկարակեցութեան գագաթնաժողովին ժամանակ կարդինալ Փարոլին ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը՝ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ փնտռել երկխօսութիւն ու խաղաղութիւնը։ Ծիրանաւորը անդրադարձաւ կարմիր խաչի դժուարութիւններուն ինչպէս նաեւ մարդասիրական իրաւունքի անբաւարար յարգանքին, մատնանշելով խաղաղ բնակիչներուն դէմ ռմբակոծումներուն աճը եւ մարդասիրական աշխատաւորներուն սպանութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան վերաբերեալ, որ երեկ, Ճեմելլի հիւանդանոցէն դուրս ելաւ՝ ուր մնաց 38 օր, կարդինալ Փարոլին նշեց որ Քահանայապետը ապաքինման եւ հանգստութեան կարիքը ունի ու հաղորդեց, որ Պապին օրակարգը սահմանափակուած պիտի ըլլայ առաւելագոյն կարեւորութիւն ունեցող հարցերով, յոգնածութենէն խուսափելու համար։
Երկարակեցութեան մասին գումարուած գագաթնաժողովին, Վատիկանի պետքարտուղարը երկարակեցութիւնը սահմանեց որպէս մարտահրաւէր, որ կը ներառէ ոչ միայն բժշկութիւնը, այլեւ տնտեսութիւնը, մշակոյթը, բարոյականութիւնն ու հոգեւորականութիւնը։ Ան դատապարտեց ծերութեան հետ կապուած սահմաններն ու փխրունութիւնը ժխտելու միտումը՝ հաստատելով որ կեանքը արժէք ունի իւրաքանչիւր փուլէն ներս։
Կարդինալ Փարոլին յորդորեց գիտական հետազօտութիւնները կեդրոնանալու անձի համապարփակ բարութեան վրայ եւ ապահովուել որ երկարակեցութիւնը քիչերու համար առանձնաշնորհութիւնն չդառնայ, ապա ընդգծեց երիտասարդներուն եւ տարեցներու միջեւ յարաբերութիւններուն խթանման կարեւորութիւնը՝ սերունդներու միջեւ համերաշխութիւնը խթանելու եւ անհատականութեան դէմ պայքարելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ