MAP

Russian peacekeepers evacuate civilians in Nagorno-Karabakh

Համաձայն ԵՈՒՆԻՍԵՖԻ՝ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան 115․000 փախստականներու շուրջ 36.000ը մանուկներ են

26 Փետրուար 2025ին Վատիկանի «L’Osservatore Romano» պաշտօնական օրաթերթը՝ անդրադարձած է «Հայաստանի մէջ փախստականներու ճգնաժամին» ուր նշուած է` որ «Ղարաբաղէն փախստականներու մուտքը Հայաստանի համար՝ անկախութիւնէն ի վեր, ամենալուրջ ներքին ճգնաժամերէն մին է»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վատիկանի «L’Osservatore Romano» պաշտօնական օրաթերթը, 26 Փետրուար 2025ին անդրադարձած է «2023 թուականին Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին բռնութիւններու» հետեւանքով Հայաստանի մէջ փախստականներու ճգնաժամին», որ՝ ինչպէս կը գրէ լրագրող Քոզիմօ Կրացիանին՝ «Հակամարտութեան հետեւանքները Ղարաբաղի տարածաշրջանի մէջ․ Անչափահասները Հայաստանի մէջ դպրոցական խնդիրներու եւ հոգեբանական կարիքի միջեւ» բնաբանով իր յօդուածին մէջ, «չնայած ձեռնարկուած միջոցառումներուն՝ «ամբողջական հանգուցալուծման նշաններ ցոյց չի տար»։

Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածէն հատուածներ՝ հայերէն թարգմանութեամբ․

«2023 թուականի սեպտեմբերին Ադրբեջանի կողմէն տարածաշրջանը գրաւելէն ետք Հայաստան տեղափոխուած փախստականներու մէջ մեծ մասնաբաժին ունին մանուկները՝ 115․000էն շուրջ 36.000ը։ ԵՈՒՆԻՍԵՖի վերջին գնահատականներով՝ այս մանուկներու կէսը դպրոց չի յաճախեր, իսկ անոնք որոնք կը յաճախեն, կը բախուին կրթութեան լուրջ խնդիրներու հետ։

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան հիմնադրամի տրամադրած տուեալներով, աւելի քան 16․000 անչափահասներ ընդգրկուած են դպրոցական​​դասընթացներու մէջ, իսկ աւելի քան 1․600ը՝ մասնագիտական ​​դասընթացներու մէջ: ՄԱԿի Երեխայի իրաւունքներու յանձնաժողովի (UNCRC) մտահոգութիւնները կապուած են յատկապէս միջնակարգ դպրոց յաճախող անչափահասներու գրանցման եւ յաճախումներու մակարդակի հետ եւ այն երկարաժամկէտ հետեւանքներու հետ, որ դպրոցէն բացակայութիւնը կարող է ունենալ այդ երեխաներուն վրայ: Նոյն տեսակ անհանգստութիւն առկայ է տարրական դպրոց չյաճախող երեխաներու (…) եւ մանկապարտէզի տարիքի երեխաներու համար՝ հաշուի առնելով, որ այդ տարիքային խումբի մանուկներու 42%-ը մանկապարտէզ չի յաճախեր կամ երբեք չէ յաճախած:

Հայաստանի մէջ անչափահասներու վիճակը կը վատթարանայ նաեւ 2023 թուականի հակամարտութեան եւ փախուստի հոգեբանական հետեւանքներու պատճառաւ: Ըստ UNCRCի՝ հոգեբանական աջակցութիւն ստացած շուրջ 35․000 փախստականներու շարքին կան երեխաներ, դեռահասներ և խնամողներ։ Պատկերը առաւել մտահոգիչ կը դառնայ, եթէ նկատի առնուի, որ ամէն չորս փախստական ​​ընտանիքէն նուազագոյնը մէկը ստացած է մասնագիտացուած հոգեբանական օգնութիւն, եւ որ երեխաներու եւ ծնողներու համար այդ պահանջները կ’աւելնան: Այս տեսակէտէն UNCRCի առաջարկութիւնն է՝ մեծցնել նման խնամքի առկայութիւնը ու հասանելիութիւնը այն տարածքներէն ներս, ուր փախստականները առաւել կեդրոնացած են, մասնաւորապէս՝ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ եւ անոր շուրջ:

Ղարաբաղէն փախստականներու մուտքը Հայաստանի համար անկախութիւնէն ի վեր ամենալուրջ ներքին ճգնաժամերէն մին է։ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ 2023 թուականի վերջին մեկնարկած՝ իւրաքանչիւր անձին 125 տոլար տրամադրելու, օգնութեան ծրագիրը՝ (…) , սակայն մինչեւ 2025 թուականի դեկտեմբեր ամիս այն պիտի նուազի՝ հասնելով 75 տոլարի։ Միեւնոյն ժամանակ, պիտի ներդրուին աջակցութեան այլ ձեւեր՝ ընտանիքներու կարիքներէն կախեալ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2025, 11:00