Աղօթենք Քահանայապետին համար. Եպիսկոպոսները թող Սուրբ Յովսէփի նման ըլլան քաջ եւ ստեղծագործ. Կարդինալ Թակլէ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Գերապ. Սամուէլէ Սանկալլի եւ Գերապ. Տիեկօ Ռամոն Սարրիօ Քուքարելլայի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը, 19 Մարտին կայացած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առիթով, Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համավերատեսուչը Կարդինալ Անթոնիօ Կոքիմ Թակլէ, որ գլխաւորեց վերոնշեալ արարողութիւնը, սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզը կեդրոնացուց օրուան տօնակատարութեան վրայ, նախ յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին նոյն օր յիշատակուող Քահանայապետութեան սկիզբի 12րդ տարեդարձը, հրաւիրելով աղօթել անոր ապաքինման համար ու աղօթել նաեւ նորօծ եպիսկոպոսներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար։
Խօսելով Սուրբ Յովսէփի տիպարի մասին ու մասնաւորապէս անոր լռելեան հաւատքի մասին Կարդինալ Թակլէն հրաւիրեց հետեւիլ անոր հետքերուն, որպէս տիպար եպիսկոպոսական առաքելութեան։ Հետեւիլ անոր լռելեան հաւատքին, որ կարող եղաւ ստեղծել «քաջութիւն» եւ ստեղծագործութիւն» հպատակելով աստուածային ծրագրին նոյնիսկ երբ ան անհասկնալի կը թուէր։
Ասկէ մեկնելով պատարագիչ Ծիրանաւորը ընդգծեց` Աստուծոյ ծրագրին ու ոչ թէ սեփական ծրագիրներուն ծառայելու հարկաւորութիւնը, առաջարկելով «երազելու Աստուծոյ երազները», ապա ջանք եւ ուժ տրամադրելու այդ ծրագիրներուն եւ երազներուն ու ոչ թէ անձնական ձգտումներուն, ընդգծելով Յիսուսը հռչակելու եւ անոր հասարակութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը։
Ան ի վերջոյ խրախուսեց նորօծ եպիսկոպոսները ըլլալու «միւսներուն հետ ու անոնց ի սպաս»։ Սուրբ Յովսէփին նման` որ կը քալեր Յիսուսի ու Մարիամին հետ, եպիսկոպոսները պէտք է քալեն իրենց վստահուած հօտին հետ միասին ու անոր համար։
«Եպիսկոպոսի մը կեանքին ու առաքելութեան մէջ միւսներուն հետ ըլլալը եւ միւսներուն համար ըլլալը անբաժան են իրարմէ, ի նշան հաղորդութեան եւ առաքելական ծառայութեան» ըսաւ Կարդինալ Թակլէն քարոզի աւարտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ