Սուրբ Երկրի քրիստոնեաները մեր օգնութեան կարիքն ունին այժմ․ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Արեւելեան եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին չթաքցներ իր մտահոգութիւնը այն ողբերգութեան համար, որ տարածաշրջանի քրիստոնեաները կը կիսեն այլ դաւանանքներու պատկանող իրենց եղբայրներու հետ, եւ Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ «Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն համար ընդհանրապէս այս մէկը վերջին հնարաւորութիւնն է: Այդ քրիստոնեաները, որ այնտեղ են Յիսուսի ժամանակներէն ի վեր, այնտեղ են սուրբ վայրերը պահպանելու համար»:
Մեզ անհրաժեշտ է իրական եւ վաւերական երկխօսութիւն
17 Մարտին տարածուած նամակին մէջ, որ ուղղած է Աշխարհի եպիսկոպոսներուն, Կարդինալ Կուճերոթթին՝ այս պատմական պահուն Դրամահաւաքի կարեւորութեան մասին իրազեկելու նպատակով յիշեցուցած է վերջին տարիներուն Սուրբ Երկրի մէջ տեղի ունեցած բռնութեան եւ հակամարտութիւններու ծիրէն ներս տիրող «յուսահատութիւնը» եւ «աւերածութիւնները»: Ան յատուկէն անդրադարձած է երկխօսութեան կարեւորութեան․ «Երկխօսութիւնը յաճախ բարդ է, բայց կեանք խնայել կու տայ, եւ երկխօսութեան միակ պայմանը՝ միւսի նկատմամբ յարգանքն է»։
Աշխարհը կը լռէ, Պապը՝ ոչ
Աշխարհի մէջ զինուած խաղաղութեան համար տեղ չկայ, բան մը, որ ձեռնտու է միայն անհատական եւ կողմնապահական շահերուն, կ’ընդգծէ Ծիրանաւորը` միտքը ուղղելով դէպի Մերձաւոր Արեւելքը բնութագրող բազմաթիւ ճգնաժամային բեմայարթակներ․ Կազայի հատուած, Սուրիա եւ Լիբանան, ինչպէս նաեւ Ուքրանիա, ափրիկեան եւ ասիական մայրցամաքներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններ: Բոլոր այն իրավիճակները, որոնց համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ձայնը բարձրաձայն հնչած է։
Անձի արժանապատուութիւնը պաշտպանելը
Եկեղեցւոյ պարտաւորութիւնն է միշտ պաշտպանել կեանքի սրբութիւնը, եւ այս պատմական պահուն այդ մէկը առաջնահերթութիւն է: Սուրբ Երկիրի համար նախատեսուած շատ ծրագիրներ «նուազած են, դանդաղած, կասեցուած կամ չեղարկուած», գրուած է Սուրբ Երկրի պահակութեան հրապարակած ամփոփ զեկոյցի մէջ։
Սուրբ Երկրէն եկող պատկերները ըստ Վերատեսուչի մարդկային արժանապատուութեան հետ կապ չունին, ուստի ան հաստատած է, որ «Պէտք ենք կեդրոնանալ Դրամահաւաքին վրայ, որ Քահանայապետական նախաձեռնութիւն եղած է Պօղոս Զի ժամանակներէն ի վեր», որու նպատակը սրբավայրերու պահպանումն է, սակայն այս պահուն չենք կարող կորսնցնել համայնքները։ «Չենք կարող վտանգի ենթարկել քրիստոնէութեան մեծ սփիւռքը՝ լքելով այն հողերը, որոնք տակաւին ունին Յիսուսին բոյրը: Այս մարդիկը Քրիստոսի հետ շարունակականութեան կենդանի վկայութիւնն են: Մենք մեր ձայնը չենք բարձրացներ միայն մարդասիրական նկատառումներով», շեշտած է Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ