MAP

TOPSHOT-MARATHON-ITALY-ROME

Հռոմի Մարաթոն․ 42 րոպէ տեւողութեամբ դադար՝ միտքերը ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին

Երեկ՝ 16 Մարտին մեկնարկած Հռոմի Մարաթոնին մասնակցեցան յիսուն հազարէ աւելի մասնակիցներ՝ 120 Երկիրներէն։ Միջոցառումը ընդգրկուած էր 2025 թուականի յոբելենական պաշտօնական միջոցառումներու ցանկին մէջ, մինչ անոր Գաւաթը ստացաւ ալժիրցի գրող Պուտաուին, որ իր անբուժելի հիւանդութիւնը յաղթահարած է ամուր կամքի եւ վազքի շնորհիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի օրը՝ 16 Մարտ 2025 թուականին, Քոլոսսէումի մօտէն մեկնարկեց Հռոմի Մարաթոնը։ Մասնակիցները անցան Իտալիոյ մայրաքաղաքի ամէնէ տեսարժան վայրերով՝ «Castel Sant'Angelo»էն մինչեւ «Lungotevere», «Foro Italico» եւ «Piazza del Popolo», «Piazza di Spagna», «Piazza Navona», եւ ի վերջոյ հատեցին վերջնագիծը՝ տակաւին Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներու ատեն կառուցուած կրկես-մարզադաշտ՝ «Circo Massimo»։

42 գեղեցիկ րոպէներ՝ մտքերը ուղղելու համար դէպի Ֆրանչիսկոս Պապ

Յիսուն հազարէն աւելի մասնակիցներ՝ 120 Երկիրներէն՝ անցնելով 42,195 քիլոմեթր տարածութիւն, ցանկացան իրենց ողջոյնը փոխանցել եւ մօտիկութիւն յայտնել Ֆրանչիսկոս Պապին, եւ ինչպէս գրած էր «Acea Run Rome The Marathon»ը «մարմնամարզութեան եւ Հռոմի մարաթոնի մեծ սիրահար Սրբազան Հօրը» նուիրուեցաւ «մարզական իրադարձութեան ծիրէն ներս պատմութեան մէջ խորհրդածութիւններու եւ լռութեան ամենէ մեծ պահը»՝ «42 գեղեցիկ րոպէներ՝ իւրաքանչիւր քիլոմեթրի համար մէկ րոպէ», որուն ընթացքին ամէն մէկ մարզիկ լռելեայն իր միտքը եւ անձնական ողջոյնը նուիրեց Քահանայապետին։ «Մեծ հաւաքական գրկախառնութիւն բոլոր վազորդներու կողմէ Հռոմի Եպիսկոպոսին, որ հասաւ Ճեմելլի հիւանդանոց», ուր տակաւին իր բուժումը կը շարունակէ ստանալ Պապը։

Մարաթոնի Գաւաթը՝ ալժէրիացի գրող Խալետ Պուտաուին

Հռոմի Մարաթոնի Գաւաթին արժանացաւ ալժերիացի գրող Խալետ Պուտաուին, որ պարգեւատրուեցաւ որպէս յոյսի օրինակ եւ ծանր հիւանդութեան դէմ պայքարող բոլոր մարդկանց նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան համար։ 2012ին յայտնաբերելով, որ կը տառապի քաղցկեղով եւ որ իրեն ապրելու ընդամէնը չորս ամիս մնացած է, եւ որոշելով, որ պիտի ապրի, ան դարձած էր գրող։ Ինչպէս նաեւ, խրախուսուելով իր բժիշկներու կողմէ, սկսած էր վազել՝ մասնակցելով վեց տարի անց՝ 2018ին, իր առաջին մարաթոնին։

«Մարաթոնը, ինչպէս հիւանդութիւնը, գրած է Խալետը իր գիրքերէն մէկու մը մէջ, ինծի սորվեցուց, որ էականը չի չափուիր քիլոմեթրերով, վազքով կամ մեծ ցուցանիշներով: Էականը նորէն ու նորէն յառաջ երթալն է»։

Մարաթոնը՝ յոբելենական միջոցառումներու ցանկին մէջ

Աշխարհի մէջ աւետարանական հիմնարար հարցերու բաժանմունքի Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչը` Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլայի շնորհիւ Մարաթոնը ընդգրկուած էր 2025 թուականի յոբելենական պաշտօնական միջոցառումներու ցանկին մէջ եւ անոր երթուղին ընդգրկեց նաեւ «Piazza Papa Pio XII» հրապարակը, «Conciliazione» փողոցը մինչեւ Սուրբ Պետրոս հրապարակի սիւնաշար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2025, 08:00