Կարդինալ Կուճերոթթի, եկեղեցին թող օգնէ կեանքին վերածնելու
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս տեղի կ՝ունենայ Աւագ ուրբաթ օրուան դրամահաւաքը ուղղուած Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն։
Ֆրանչիսկեան փոքրիկ եղբայրներուն «Սուրբ Երկրի պահակութիւնը» դարեր շարունակ կը ծառայէ ու կը գործէ Մերձաւոր արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն սրբավայրերուն պահպանման, աջակցելով տեղական քրիստոնեայ համայնքներուն եւ զարգացնելով սրբավայրերն ու հնագիտական տարածքները։
«Սուրբ Երկրի պահակութեան» 2023-2024 տարեշրջանին տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ Սուրբ Երկրի պահակութիւնը կեդրոնացած է տարբեր ծրագիրներուն վրայ՝ ուղղուած տարբեր ազգերուն, որոնց շարքին, Սուրիան, Յորդանանը եւ Լիբանանը, ու այդ ծրագիրները Ֆինանսաւորուած են Աւագ ուրբաթ օրուայ դրամահաւաքի միջոցաւ1
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ Սուրբ Երկրի ու տարածաշրջանի մէջ Պատերազմի հետեւանքով տնտեսական եկամուտները կտրուկ կերպով նուազեցան յանգեցնելով բազմաթիւ նախագիծերուն կասեցման կամ դադրեցման ու առ այդ Սուրբ երկրին պահակութիւնը կեդրոնացաւ այն ծրագիրներուն վրայ ,որոնք կը բաւարարեն մարդոց անմիջական կարիքները։
Սուրբ երկրի պահակութիւնը կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց ու կը ձգտի ընթանալ աստուածային նախախնամութեան հանդէպ վստահութեամբ, նշուած է տեղեկագիրին մէջ։
Սուրբ Երկիր. Կոչ Զօրակցութեան եւ յոյսի
Աւագ ուրբաթ օրուան դրամահաւաքի կապակցութեամբ, Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին նամակ մը ուղղելով աշխարհի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, արտայայտեց հոգեւոր եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող այդ տարածաշրջանին անունով դրամահաւաքի յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը։ Նամակը, որ կը ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը, կ՝ընդգծէ հակամարտութիւններէն եւ տնտեսական դժուարութիւններէ տուժած Սուրբ Երկրի վայրերուն մէջ ապրող քրիստոնեայ հասարակութիւններուն աջակցելու հրատապութիւնը։
Կարդինալ Կուճերոթթին Նամակի մէջ կը յիշեցնէ որ խաղաղութիւնը կարելի չէ ընդունիլ որ ինքնին կը ստացուի, հիմնական է գործօն կերպով աշխատիլ աւելի լաւ ապագայ կառուցելու համար։ Ծիրանաւորը նամակի մէջ նշեց, որ Պօղոս Զ քահանայապետի կողմէ հաստատուած Սուրբ Վայրերուն համար դրամահաւաքը հիմնական միջոց կը դառնայ յատկապէս համաճարակի հետեւանքով ուխտագնացութիւններու դադրեցումէ յետոյ։
Կարդինալ Կուճերոթթին նամակին մէջ էական նկատեց Սուրբ Երկրի տեղական հասարակութիւններուն աջակցութիւնը, որպէսզի անոնք կարողանան շարունակել Աստուած փառաբանել եւ կենդանի կապ պահել Սուրբ վայրերուն հետ։Ծիրանաւորը ապա յորդորեց եպիսկոպոսները, որ Աւագ ուրբաթ օրուան դրամահաւաքը դարձնեն իրենց հովուական ծառայութեան առաջնահերթութիւնը։ Նամակը կ՝եզրափակէ փոխացնելով Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնները նշելով. «Ֆրանչիսկոս Պապ ձեզի բոլորի կը փոխանցէ իր օրհնութիւնը, Աստուած պիտի չմոռնայ, մասնաւորապէս Յոյսի յոբելինական Սուրբ տարուան մէջ, բոլոր անոնք որոնք դարձած են Իր նախախնամութեան վկաները եւ իր խաղաղութեան միջոցը։ Այդ հողերուն քրիստոնեաները ձեզ կը սպասեն։ Շնորհակալութիւնը եւ Բարի յոբելենական ուխտանգացութիւն»։
Արեւելեան եկեղեցիներուն վերարսեչութեան հաղորագրութիւնը
Աւագ ուրբաթ օրուան դրամահաւաքի մասին հաղորագրութիւն մը հրպարակեց Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութիւնը, որուն մէջ կարդանք, որ Սուրբ Երկրի դրամահաւաքը» Քահանայապետերուն կողմէ խնդրուած նախաձեռնութիւն մըն է, պահպանելու համար Սուրբ Վայրերուն հետ քրիստոնեաներուն կապը, աջակցելով Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցական հասարակութիւններուն։
Դրամահաւաքի հասոյթը հիմնականին ուղղուած է ֆրանչեսկեաններուն պահակութեան, զոր կը գործէ պահպանելու Սուրբ Վայրերը եւ աջակցելու հովուած ծառայութեան, կրթական, ընկերային եւ բարօրութեան գործունէութիւններուն։ Սովորաբար հաւաքածոյի հասոյթներուն 65 առ հարիւրը կ՝ուղղուի Սուրբ Երկրի պահակութեան ապա 35 առ հարիւրը Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատեսչութեան, որ օգնութիւն կը բաշխէ տարբեր ազգերուն, որոնց շարքին, Երուսաղեմը, Պաղեստինը, Իսրայէլը, Յորդանան եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր երկիրներ։
2024 թուականի, 24 դեկտեմբերին, Սուրբ Տարուան սկիզբը, Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց յոյս եւ համերաշխութիւն սերմանել նպաստելով դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն, գաղթականներուն եւ սուրբ վայրերուն պահպանման
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ