Կամաւորներու աշխարհի Յոբելեանը 8 եւ 9 Մարտին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 8 եւ Կիրակի 9 Մարտին տեղի պիտի ունենայ Յոբելենական Յոյսի տարուան առիթով նախատեսուած հինգերորդ Յոբելենական Մեծ Ձեռնարկը, որ նուիրուած է Կամաւորական աշխարհին եւ Հռոմի մէջ պիտի համախմբէ հարիւր երկիրներէ ժամանած 25.000 հազարէ աւելի ուխտաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը Իտալիայէն են։
Շաբաթ` 8 Մարտին ժամը ութէն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը հինգին, առիթը պիտի ունենան ուխտագնացութիւն կատարելու Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դուռ մօտենալով նաեւ ապաշխարութեան Խորհուրդին։
Կէսօրէն ետքը ժամը երեքէն մինչեւ ժամը վեց կազմակերպուած են «Քաղաքի հետ երկխօսութիւն» բնաբանով մշակութային, գեղարուեստական ու հոգեւոր բնոյթ ունեցող հանդիպումներ, Հռոմի տարբեր հրապարակներուն վրայ, որոնց ընթացքին յատուկ յայտագիրներ պատրաստուած են ըլլայ մանուկներու ըլլայ մեծահասակներու համար։
Կիրակի ինը մարտի առաւօտեան ժամը 10,30ին Մարդկային համապարփակ զարգացումի Վերատեսուչ Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին պիտի կարդայ այս առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատրաստած քարոզը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ