Սէրը կեանքը կը փոխէ եւ ներումը նոր կեանք կը պարգեւէ. Գերապ. Ֆիզիքելլա
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այս օրերուն տեղի ունեցած Ողորմութեան միսիոներներ Քահանաներու Յոբելենական ուխտագնացութեան առիթով, որ սկիզբ առաւ անցեալ ուրբաթ օր ու աւարտեցաւ Կիրակի 30 Մարտին, Աւետարանութեան Վերատեսչութեան աշխարհի աւետարանութեան հիմնարար հարցերու բաժնի Համա Վերատեսուչ` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, Հռոմի Սանդ Անտէրա Տէլլա Վալլէ Եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10.00-ին գլխաւորեց ուխտագնացութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ողորմութեան միսիոներներ Քահանաները ու անոնց ընտանեկան պարագաները։
Անառակ Որդիին առակը
Սուրբ Զոհի ընթացքին Գերապ. Ֆիզիքելլա քարոզը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանին վրայ , որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն ու կը պատմէր անառակ որդիին առակը, որով ի յայտ կը դրուի Աստուծոյ անհուն ողորմութիւնը մարդոց նկատմամբ, Աւետարանին մէջ պատմուած` իր անառակ որդին սպասող եւ ընկալող գթասիրտ հօր դրուագի միջոցաւ որ նաեւ կը ներէ իր աւագ որդիին։
Քարոզին մէջ պատարագիչը ընդգծեց` որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կարող է ինքզինք նոյնացնել երկու զաւակներուն հետ, քանի որ մենք բոլորս կոչուած ենք ճանաչելու ողորմութեան մեր կարիքը և հասկնալու Աստուծոյ մօտ ըլլալու արժէքը։
Առաջին որդին կը ներկայացնէ ան` որ կը փորձէ հաստատել իր ինքնավարութիւնը, բայց ի վերջոյ կը հեռանայ իրական երջանկութիւնէն և Եկեղեցիէն: Երկրորդ որդին, կը ներկայացնէ ան` որ հակառակ որ հաւատարիմ է, կարող է գայթակղութեան մէջ իյնալ Աստուծոյ ծառայելը համարելով վարձատրութեան արժանի «վաստակ»: Հայրը, փոխարէնը, երկուքն ալ կը հրաւիրէ հաշտուելու, հասկնալու, որ սէրն ու ներողամտութիւնը անվճար են, և որ իսկական ուրախութիւնը Հօր տան մէջ միացած ըլլալու մէջ է։
Սէրը կեանքը կը փոխէ ու ներումը նոր կեանք կը պարգեւէ
«Սէրը արդարեւ կեանքը կը փոխէ եւ ներումը նոր կեանք մը կու տայ։ Երկու որդիները պէտք է ճանչնան որ իրար եղբայր են ու միասին մտնեն Հօր տունը, որովհետեւ միայն միասին է որ կարելի ի յայտ դնել Հօր սիրող մեծութիւնը։ Ոչ մէկը կարող է դուրս մնալ հօր տունէն» ըսաւ ի միջի այլոց գերապ. Ֆիզիքելլան, որ ապա խօսքը ուղղելով Ողորմութեան միսիոնարներն, նշեց որ անոնք կոչուած են դառնալու հաշտութեան յատուկ գործիքներ, նման առակին Հօր ու պարտականութիւնն ունին բոլորին յիշեցնելու` թէ որքան մեծ է Աստուծոյ սէրը եւ տարբեր է մեր սէրէն։
Սուրբ Հաղորդութիւնը հաշտութեան վայր
Սուրբ Հաղորդութիւնը առաջնական վայրն «ուր կ՛իրականանայ այդ հաշտութիւնը, Քրիստոսի զոհաբերումին միջոցաւ որ մեզի կը նուիրէ իր ներումը ու մեզ կը հրաւիրէ ապրելու Աստուծոյ եւ միւսներուն հետ հաղորդութեան մէջ։ Հաշտութեան Խորհուրդը արդարեւ կը պահանջէ ըլլալ հաղորդութիւն, որպէսզի լիովին արտայայտուի մեր հաւատքին խորհուրդը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ