MAP

Ուխտաւորներ դէպի Սուրբ Պետրոս տաճար Ուխտաւորներ դէպի Սուրբ Պետրոս տաճար  (Vatican Media)

«Ողորմութեան Միսիոնարներուն» Յոբելեանը` 28էն 30 Մարտին

Ողորմութեան միսիոներներու թիւը, որոնց յատուկ ծառայութիւնը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Ողորմութեան ն Սուրբ Տարուան առիթով, 2015 թուականին հրատարակուած կոնդակով, անընդհատ աճի մէջ է, և այսօր աշխարհին մէջ կանք 1258 ողորմութեան միսիոնար քահանաներ: Որպէս «Եկեղեցւոյ մայրական ողորմութեան նշան Աստուծոյ ժողովրդի նկատմամբ» (Misericordiae Vultus, n. 18), միսիոնարներուն տրուեցաւ մեղքերը ներելու իշխանութիւնը, նոյնիսկ այն մեղքերը որոնք ընդհանրապէս վերապահուած են Առաքելական Աթոռին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 28 Մարտէն մինչեւ կիրակի 30 Մարտ նախատեսուած է Յոյսին նուիրուած Յոբելենական սուրբ տարուան մեծ ձեռնարկներէն վեցերորդը, որ նուիրուած է «Ողորմութեան Միսիոնարներուն» որուն առիթով նախատեսուած է աշխարհի տարբեր քաղաքներէ 500 միսիոնարներու ժամանումը Հռոմ, ընկերակցութեամբ իրենց ընտանեկան պարագաներուն։

Այս առիթով Սրբազան Քահանայապետը, որ պիտի չի կարենայ մասնակցիլ Յոբելեանին, անոնց պիտի յղէ գրաւոր ճառ մը։

Ողորմութեան միսիոներներու թիւը, որոնց յատուկ ծառայութիւնը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Ողորմութեան Սուրբ Տարուան առիթով, 2015 թուականին հրատարակուած կոնդակով, անընդհատ աճի մէջ է, և այսօր աշխարհին մէջ կան 1258 ողորմութեան միսիոնար քահանաներ: Որպէս «Եկեղեցւոյ մայրական ողորմութեան նշան Աստուծոյ ժողովրդի նկատմամբ» (Misericordiae Vultus, n. 18), միսիոնարներուն տրուեցաւ մեղքերը ներելու իշխանութիւնը, նոյնիսկ այն մեղքերը` որոնք ընդհանրապէս վերապահուած են Առաքելական Աթոռին:

Ողորմութեան Միսիոնարներու Յոբելեանը սկիզբ պիտի առնէ ուրբաթ օր` 28 Մարտի առաւօտեան ժամը տասին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախատեսուած աղօթքի պահով, որով բացումը պիտի կատարուի նաեւ Միսիոնարներու համաշխարհային չորրորդ Օրուան։

Միջազգային այս համաժողովը` որ տեղի կ՛ունենայ ամէն երկու տարին անգամ մը, Յոբելենական այս տարուան առիթով, որպէս կեդրոնական նիւթ պիտի ունենայ «Ներումը որպէս Յոյսի աղբիւր» եւ պիտի կատարուի երկու կազմաւորման նիստերով, որոնք տեղի կ՛ունենան ուրբաթ օրուան ընթացքին։

Աստուածաբանական բնոյթ ունեցող այս առաջին պահի բացումը պիտի կատարէ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա,ն Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-Վերատեսուչը, մինչ երկրորդը նախատեսուած է սկսեալ կէսօրէն, որուն ընթացքին որոշ հովուական ուղեցոյցներ պիտի առաջարկուին մասնակիցներուն:

Միսիոնարներու հանդիպումը պիտի շարունակուի ժամը չորսին` «24 Ժամ Տիրոջ Համար» աղօթքի 12րդ միջոցառման արարողութեամբ, որ տեղի կ՛ունենայ Sant’Andrea della Valle պազիլիքային մէջ։

Աղօթքի և հաշտութեան Պահքի այս նախաձեռնութիւնը, որ սկիզբ առած է 2013-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի տնօրինութեամբ, կը նշուի աշխարհի բոլոր թեմերուն մէջ, Մեծ Պահքի չորրորդ կիրակիի նախօրէին՝ եւ այս տարի ուրբաթ 28-էն մինչև շաբաթ 29 մարտ։

Յոբելենական այս տարուայ որպէս բնաբան Նորին Սրբութիւնը ուզեց ընտրել նշանակալից բնաբան մը. «Դուն իմ ներկայութիւնս ես» (Սաղմ. 71,5)։

Միջոցառման նպատակն է Եկեղեցւոյ հովուական կեանքի կենտրոնը զետեղել ՝ հաշտութեան խորհուրդը, որուն համար Աւետարանութեան Վերատեսչութեան կայքին վրայ հրատարակուած է ուղեցոյց մը հայող «24 Ժամ Տիրոջ Համար» աղօթքի ձեռնարկին։

Շաբաթ` 29 Մարտին Միսիոնարները առիթը պիտի ունենան իրենց ուխտագնացութիւնը կատարելու եւ անցնելու Սուրբ Պետրոս Պազիքլիայի Սուրբ Դուրէն հուսկ Վատիկանի Պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին առջեւ պիտի մասնակցին Սուրբ Վարդարանի աղօթքին։

Յոբելենական ձեռնարկը իր աւարտին պիտի հասնի կիրակի 30 Մարտին առաւօտեան տասին, «Sant’Andrea della Valle» պազիլիքային մէջ նախատեսուած Սուրբ Պատարագով, զոր պիտի գլխաւորէ Գերապայծառ Ֆիզիքելլան։

Վերջապէս, կիրակի կէսօրին, միսիոներներու և բոլոր ցանկացողներու համար, Սուրբ տարուայ հինգերորդ համերգները «Յոբելենականը մշակոյթ է» փառատօնի համար. «Missa Papae Francisci» անվճար սիմֆոնիք համերգը՝ ի յիշատակ Էննիօ Մորիքոնէի։ Ներկայացումը տեղի կունենայ ժամը 4-ին Սուրբ «Ambrogio e Carlo al Corso» եկեղեցւոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2025, 14:01