Արք Կալլակեր Հունգարիոյ մէջ . Հօր սէրը մեզ միշտ կ՝ընդունի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պուտաբեշթի Սուրբ Ստեփանոսի նուիրուած տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, Վատիկանի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր իր արտասանած քարոզին մէջ ներշնչուելով Անառակ Որդիին առակէն, խօսքը կեդրոնացուց յոյսի եւ անսահման սիրոյ վրայ։
Արք Կալլակեր ընդգծեց, թէ ինչպէս առակին իրական հերոսը, ոչ թէ զաւակներն են այլ Ողորմած Հայրը, Աստուծոյ անսահման սիրոյ խորհրդանիշը։ « Հօր Սէրը այնքան մեծ եւ ուժեղ է, թոյլ կու տայ որ զաւակը մեկնի։ Այս յայտարարութիւնը կ՝ընդգծէ Աստուածային սիրոյ հիմնարար հարթակ մը՝ ազատութիւնը։ Աստուած մեզ երբեք չստիպեր, այլ մեզի համբերութեամբ կը սպասէ ու պատրաստը մեզ ընդունելու, երբ մենք կը որոշենք վերադառնալ։
Գերպ Կալլակեր ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Աստուծոյ սէրը ոչ միայն կը ներէ, այլ նաեւ կարող է փրկել «հեռաւոր երկրի» մէջ անցուցած ժամանակը։ «Սա սէր է, որ կը ներէ եւ կ՝ընդունի տան մէջ։ Անոր Սէրը մեզ միշտ կը փրկէ եւ կը սպասէ Հեռու երկիր երթալով։ Սա բարի լուր է բոլորիս համար, որ կը ճամբորդենք հեռու երկիր մը»։ Արք Կալլակեր ապա քարոզին մէջ ողջունեց բոլոր հաւատացեալները ապահովուելով Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեւոր մօտիկութիւնն ու աղօթքը։ «Նորին Սրբութիւնը երախտապարտ է իր առողջութեան համար ձեր կատարած աղօթքներու համար»։
28էն, 30 մարտ, Հունգարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին արք Կալլակեր հանդիպում ունեցաւ պետական եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հե ընդգծելով իր յանձնառութիւնը միջ կրօնական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու համար։ Արքեպիսկոպոսը հանդիպեցաւ արտաքին գործոց նախարարին հետ, ելոյթ ունեցաւ Հունգարիոյ դեսպաններուն ժողովին ընթացքին, ինչպէս նաեւ մասնացեցաւ, 1935 – 1945 թուականներուն Հունգարիոյ մէջ ապական նուիրակ գերպ Անճելօ Ռոթային մահուան 60-րդ ամեակին արարողութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ